2012-08-20 15:19:02

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.ի Հանդիպումը Նորվեկիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի Ներկայացուցիչին Հետ։


Վեհափառը Պիքֆայայի վանքին մէջ, Կիրակի 19 Օգոստոսին, աւելի քան երկու ժամ տեւող հանդիպում ունեցաւ Տոքթ. Թրոնդ Պագեւիգին հետ, որ Լիբանան այցելած էր որպէս Նորվեկիիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Նորվեկիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը: Անոր այցելոթեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն ու յատկապէս՝ Սուրիոյ կացութեան եւ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Յայտնենք, որ Տոքթ. Պագեւիգ մօտէն ծանօթ է Վեհափառ Հայրապետին, որպէս նախկին անդամ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ու Խորհուրդի միջազգային յարաբերութեան յանձնաժողովին:
Արամ Ա. լայնօրէն պարզեց իր հիւրին քրիստոնեայ համայնքներուն մօտեցումը շրջանէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն ու շարժումներուն նկատմամբ: Ան շեշտեց քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը սերտացնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ միասնաբար քննել ու ծրագրել Միջին Արեւելքի ապագան, նաեւ յիշեցուց, թէ քրիստոնեայ համայնքները կապուած կը մնան Միջին Արեւելքին, հակառակ իրենց դիմագրաւած լուրջ մտահոգութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.