2012-08-20 15:39:27

Աստուածամօր Վերափոխման Sօնը' Զմմառու Վանքին Մէջ


Շաբաթ, 11 օգոստոս 2012 երեկոյեան ժամը 6-ին, Աստուածամօր Վերափոխման նախատօնակին, Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդը եւ վանքի մեծաւոր՝ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը սուրբ Պատարագ մատոյց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Զմմառու վանքի մուտքի հրապարակին՝ վրանապատ բացօթեայ խորանին վրայ: Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Բլբուլ» երգչախումբը եւ Զմմառու զոյգ ընծայարաններու սաները: Սոյն արարողութեան յատուկ նպատակն էր արաբախօս հայորդիներուն եւ Զմմառի շրջակայքի տեղացի ժողովուրդին առիթ տալու Վերափոխեալ Սրբոյ Կուսին Վանքին տօնին մասնակցելու:
Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ գերապայծառը միաբանութեան եւ վանքին կողմէ մեծարեց Զմմառաբնակ վաստակաւոր երգիչ, երգահան արուեստագէտը՝ Էլի Շուէյրին, անոր նուիրելով Զմմառու Տիրամօր գեղեցիկ պատկերը:
Հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ այս հոգեպարար արարողութեան, որուն աւարտին կրակավառութիւն եւ Քէրմէսի բացումը կատարուեցան: Կիրակի օրը, 12 օգոստոսի առաւօտեան, Վերափոխման տօնին օրը, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հայրապետը, հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց եւ Խաղողօրհէք կատարեց վանքի մուտքի հրապարակին վրանապատ խորանին վրայ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը, որուն անդամները վանքի կէսօրուայ ճաշի հիւրերն եղան: Այս ճաշկերոյթի ընթացքին տօնուեցաւ երեք յոբելեար միաբան վարդապետներու ձեռնադրութեան տարեդարձը՝ հայր Գէորգ ծ.վ. Զապարեանին քահանայութեան 40-ամեակը, հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի եւ հայր Յովհաննէս վրդ. Գատատիհեանի 43-րդ ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.