2012-08-20 15:01:39

Ամերիկաբնակ Հայ Նկարիչը Պատկերներ Կը Ստեղծէ Փայտը Այրելով։


Հայազգի, նկարիչ Տինօ (Տմիդրի) Մուրատեանի զարմանալի աշխատանքները, ներկայացուած են Բրիտանական Oddity Central կայքին մէջ։ Ինքնուս արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները պատկերներ են, որոնք կտաւի փոխարէն կը ստեղծուին փայտի եւ կաշիի վրայ, իսկ անոր վրձինը կը փոխարինէ գերտաքցած մետաղեայ գործիքը:
60-ամեայ Տինօ Մուրատեան ծնած է Ռումանիոյ մէջ, սակայն աւելի ուշ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր բացայայտուած է անոր տաղանդը պիրոկգրաֆիայի ոլորտի մէջ (կաշուի կամ փայտի վրայ գերտաքցած գործիքով նկարելու արուեստ):
Ան հսկայական ժամանակ ծախսած է ստեղծման վրայ նոր գործիքներու, որոնք հնարաւորութիւն կու տան նկարիչին իր ստուերի խաղերը ապահովելու պատկերի մէջ: Երկար տարիներու աշխատանքէ ետք ան մշակած է նոր մեթոտ մը, որ շատ բարձր ջերմաստիճանով կ’այրէ փայտը` ապահովելով ստուերի ազդեցութիւնը:
Թէեւ ստեղծագործելու ընթացքին ՙկտաւները՚ կը շփուին բաւական բարձր ջերմաստիճանի հետ, այնուամենայնիւ անոնց մակերեւոյթը կը մնայ բացարձակ հարթ:
1990-ականներուն Տինոն փորձած է իր աշխատանքները վաճառելու պատկերասրահներուն, սակայն լուրջ խոչընդոտներ հանդիպած է: Քանի որ պիրոկրաֆիան արուեստի այդքան ալ տարածուած տեսակ չէ եղած այդ ժամանակ ԱՄՆ-ի մէջ: Այժմ Մուրատեանը կը վաճառէ իր աշխատանքները աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ բնակող մասնաւոր հաւաքածուներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.