2012-08-18 13:30:12

Վարշաւայէն Չեսդոխովա Հետիոտն Ուխտագնացութիւն


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Քաջալերէ Ուխտաւորները։
301-րդ ուխտագնացութեան մասնակցողներուն ուղղած՝ քաջալերական պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կ'ողջունէ բոլոր անոնք որոնք խոր հաւատքէն մղուած հետիոտն Վարշաւայէն Չեսդոխովա ուխտագնացութիւն կը կատարեն, ի պաշտպանութիւն կեանքի ու սիրոյ աւետարանական արժէքներուն, եւ պայքար կը մղեն վիժումի ու կեանքի դէմ գործադրուած՝ արարքներուն։ Սրբազան Հայրը իր մաղթանքը կը յայտնէ որ ՜՜ լեհական այս նախաձեռնութիւնը առիթ հանդիսանայ, ամէն մէկ մասնակցող ուխտաւորին համար, աւելի սերտ կապ հաստատելու Քրիստոսի հետ՝՝։ յայտնենք որ Սրբազան Հօր պատգամը կարդացուեցաւ Վարշավայի առաջնորդ կարտինալ Նիցէի կողմէ, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի պատարագին ընթացքին։









All the contents on this site are copyrighted ©.