2012-08-18 12:44:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Ի Լուր Եւդոպիայի Օրթոտոքս Պատրիարք`Ապունա Պաուլոսի Մահուան։


Իր ցաւակցական գիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ'ողջունէ ննջեցեալ պատրիարքին յանձնառումը եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր։ Իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ծառան եւ միաժամանակ կ'աղօթէ բոլոր անոնց որոնք կ'ողբան պատրիարքին կորուստը, որ միաժամանակ մեծ կորուստ մը եղաւ Ափրիկէի համար։
Ողբացեալը եղաւ խաղաղութեան ճշմարիտ պատգամաբերը եւ շատ մօտ էր կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
''Ապունա Պուլոս պատրիարքը մեծապէս գնահատուած էր միջազգային ընկերութենէն իր տարած աշախտանքին համար.՜՜ ըլլայ սիտայի հիւանդութենէ տառապողներու կարեկցութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելով, ըլլայ նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան ու փախստականներու պաշտպանութեան ի խնդիր'', յայտարարած է եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի քարտուղարը Ոլավ Թվէյթ։
76 ամեայ Ապունա Պուլոս՝ Եւդոպիոյ օրթոտոքս պատրիարքը, իր մահկանացուն կնքեց, 16 օգոստոսին ( 2012)։ Եւդոպիոյ ղպտի եկեղեցի ինքնավար(ինքնագլուխ) եկեղեցի մըն է, ունի շուրջ 40 միլիոն հաւատացեալ։
Եւդոպիայի բնակչութեան կէսէն աւելին քրիստոնեայ է, մեծամասնութեամբ՝ օրթոտոքս ։
Պատրիարք Պուլոս հաշտարարի մեծ դեր կատարեց Տարֆուրի ընդհարումի լուծման համար։
Իր յանձնառումին համար 2000-ին ան արժանացած էր Նանսէնի մետալին, տրուած՝ ՄԱԿի գաղթականներու բարձր ոստիկանութենէն։
Ապունա Պաուլոս ծնած էր 1935-ին հիւսիսային Թիկրէի Ատուա շրջանի մէջ։
1976-ին կը ձերբակալուի երկրի զինւորական վարչաձեւէն։ 1983-ին ազատ կ'արձակուի եւ կ'ապաստանի Միացեալ Նահանգներու մէջ ուր աստուածաբանութեան տոքթորայի կ'արժանանայ Բրինդոն համալսարանի մէջ։ 1991-ին զինւորական վարչաձեւի անկումով աքսորէն հայրենիք կը վերադառնայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.