2012-08-18 12:50:06

Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Հաւաքին Առաջին Տարեդարձը


Շաբաթ օր' (18 օգոստոս) առաջին տարեդարձն է Մատրիտի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան, երրորդը՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Գոլոնիայի ու Սիտնիի օրերէն ետք։ Այս առթիւ Մատրիտի առաջնորդը կարտինալ Անթոնիօ Ռուգօ կոչ ըրած է հաւատացեալներու գոհութեան ծիսակատարութիւններ կատարելու այս մեծ դէպքի հոգեւոր պտուղներուն համար։ Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը եղած են կամուրջ մը ''Աստուծոյ ու աշխարհի'' միջեւ ու անոնց պտուղները բարեբեր եղած են ոչ միայն երիտասարդներուն այլեւ համայն եկեղեցւոյ։ Այդ օրերը ''առանձնացած եզակի դէպքեր'' չեն, այլ՝ մաս կը կազմեն Աստուծոյ ժողովուրդի մեծ ճանապարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.