2012-08-17 13:10:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Աղօթքը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առթիւ։


Նորին Սրբութիւնը, իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին, կոչ ըրաւ ներկաներուն Սուրբ Կոյս Մարիամի նման աւելի վստահութիւն ունենալու Աստուծոյ հանդէպ եւ խոր հաւատք մը` նման աղքատներու եւ խոնարհներու, որոնք չեն վստահիր իրենց ոյժին այլ Աստուծոյ վրայ։
Մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը որ կը խօսի Աւետում դէպքի մասին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը բացայայտեց որ Ս. Կոյս Մարիամի խոր հաւատքը ի յայտ եկաւ Մեծասցուցէ երգին մէջ, որ ցնծութեամբ բարձրացուց առ Աստուած։ Աստուածածինը նման է այն աղքատներուն ու խոնարհներուն, որոնք չեն ապաւինիր իրենց ոյժին, այլ իրենց վստահութիւնը կը դնեն Աստուծոյ վրայ, որ կարող է կատարել մեծամեծ գործեր տկարներու միջոցաւ։
Վերափոխման տօնը, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը, նոր ու լուսաւոր հորիզոն կը բանայ մեր աչքին առջեւ, ի տես մեր յաւիտենական կեանքին. ասոր համար պէտք է աւելի վստահինք Աստուծոյ, հետեւինք Անոր Աւետարանին ու աշխատինք կատարելու Տիրոջ կամքը։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, իրականութիւն մըն է, որ մեզի կը հայի, քանի որ անիկա մեզի ցոյց կու տայ մեր, մարդկութեան ու պատմութեան լուսաւոր ճակատագիրը։
Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին աւարտին, Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ըսելով. Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի սէրը ձեզի միշտ ընկերանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.