2012-08-17 13:05:59

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր աւետարանացումը եւ քարոզելու արուեստը
Ամէն գործ, ամէն զբաղում, իր արտայայտութեան յատուկ ձեւերն ու եղանակները ունի: Խօսիլը մարդոց ամէնէն կենսական գործն ու զբաղումն է եւ ունի իր արտայայտութեան աստիճանները, ձեւերն ու եղանակները, տեղն ու ժամանակը. այնպէս որ՝ երբ չյարգուին այդ պայմանները՝ խօսքը իր հասարակ շրջանակէն դուրս չ՛ելլեր:
Քարոզն ալ՝ երբ խօսք կամ խօսուածք՝ ունի իր արտայայտութեան ձեւերն ու եղանակները, մէկ խօսքով ունի իր արուեստը, զոր կարելի եղածին չափ պէտք է լա՛ւ գիտնալ, որպէսզի յաջողի թէ՛ քարոզը եւ թէ՛ քարոզիչը:
Բայց ամէն դիւրամացութիւն փարատելու համար դիտելու է՝ որ քարոզն ու քարոզիչը միմիայն արուեստով չեն յաջողիր: Եկեղեցւոյ բեմին վրայ խօսածները պէտք է որ ամէնէն առաջ խորունկ համոզումէ մը բխին. այս տեսակ խօսուածներն են՝ որ երբ կ՛արտայայտուին արուեստով, ո՛չ միայն անխուսափելի կ՛ըլլայ յաջողութիւնը, այլ մանաւանդ հիանալի: Հետեւաբար, քարոզի յաջողութեան բուն հիմն է համոզումը: Երբ քարոզիչ հայրը չէ՛ համոզուած իր խօսածներուն, որչափ ալ արուեստով արտայայտուած ըլլան անոնք, շինիչ յաջողութիւն մը չեն երաշխաւորեր բեմի վրայ:
Դժբախտաբար, հայ մատենագրութեան մէջ քարոզելու արուեստը սորվեցնող գործ մը չունինք: Մեր քարոզիչները միշտ գործնականօրէն պատրաստուած են բեմի, վարդապետի ձեռքին եւ հսկողութեան տակ: Եւրոպական մատենագրութեան մէջ այս տեսակ գործեր կան, որոնք արդիւնք են մեծ քարոզիչներու ուսումնասիրութիւններուն, մանաւանդ փորձառութիւններուն:
կ՛ուզենք քանի մը կարեւոր եւ ընդհանուր կէտեր մատնանշել քարոզելու արուեստին մասին.
ա- Քարոզը կը հիմնուի Ս. Գիրքի վրայ, մասնաւորապէս Նոր Կտակարանի վրայ: Եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ Ս. Գիրքի ընթերցումէն ետքը քարոզիչը բեմ կ՛ելլէ եւ օրուան ընթերցուներէն կ՛ընտրէ իր քարոզին բնաբանը:
բ- Քարոզի օրերը ընդհանրապէս տէրունի եւ հանդիսաւոր օրեր եղած են, իսկ ժամանակը՝ առտուները ճաշու ժամերգութեան մէջ՝ պատարագէն առաջ եւ Սուրբ Գրոց մարգարէական եւ առաքելական ընթերցումներէն ետքը: Երեկոները, որ ընդհանրապէս Մեծ Պահքի Կիրակիներուն կ՛ըլլայ, ժամերգութենէն ետքը:
գ- Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ քարոզիչը, Եպիսկոպոս կամ վարդապետ, անպատճառ կ՛առնէ իրեն իշխանութեամբ տրուած գաւազանը: Քահանայ քարոզիչներ խաչ կ՛առնեն առհասարակ իրենց ձեռքը, սարկաւագներ՝ Աւետարան:
դ- Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ պաշտօնական լեզուն թէեւ գրաբար է, բայց բեմի համար միշտ պէտք եղած է ժողովուրդի հասկցած լեզուով խօսիլ: Այնպէս որ նախնեաց գրաբար քարոզներուն քով գեղջուկ կամ խոշոր (աշխարհաբար) լեզուով գրուածներ ալ պակաս չեն:
ե- Նախնեաց բեմական արդիւնքները կը կրեն ընդհանրապէս մեկնողական, ջատագովական, ներբողական աշխատութիւններու կնիքը. մեծ ուշադրութիւն կայ ունկնդիրներու զգացումներուն տիրելու եւ բարոյական արդիւնքները այդ ուղղութեամբ երեւան բերելու ժողովուրդին մէջ:
Այս մի քանի կէտերը կը բնորոշեն Հայաստանեաց եկեղեցւոյ բեմի վրայ տիրող քարոզախօսութիւնը: Մեկնութիւնը, ջատագովութիւնը, հետզհետէ եղանաւորուած են եւ հիմա զուտ բարոյական ճիւղը աւելի կը շեշտուի մեր բեմերուն վրայ՝ այդ ուղղութեան համեմատ մեկնելով կամ գործածելով Ս. Գիրքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.