2012-08-17 13:14:27

Բազմահազար Վիէթնամցիներ Մասնակցեցան Աստուածածնայ Վերափոխման Պատարագին, Լա Վանկ Մարեմեան Սրբավայրին Մէջ։


Իր արտասանած քարոզին մէջ, գերապայծառ Ճիրելլի` քահանայապետական նուիրակը, ընդգծեց հարկաւորութիւնը կրօնի ազատութեան, աշխարհի մը մէջ, ուր քրիստոնեայ հաւատացեալները թիրախ են հալածանքի։ Ծիսակատարութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կառուցուելիք նոր տաճարի հիմնաքարին զետեղումն եւ օրհնութիւնը։
Յայտնենք, որ Վիէթնամի Լա Վանկ շրջանին մէջ, Ս. Կոյս Մարիամը յայտնուեցաւ 1798-ին, երբ այդ շրջանի քրիստոնեաները հալածուած էին կայսեր Գան Թինի հրամանով։ Հաւատացեալները Լա Վանկ կու գային Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.