2012-08-16 12:02:42

Ամերիկահայերը Օգնութեան Ձեռք Կ՝երկարեն Սուրիահայերուն։


Հաղորդագրութիւն (15 Օգոստոս, 2012) - Սուրիոյ մէջ աւելի քան 17 ամիսներու իրադարձութիւնները վերջին շաբաթներուն հասած են աղէտալի զարգացումներու ու անոնց ահաւոր հետեւանքները ծանօթ են բոլորիս£ Երկիրը զինեալ դէպքերու կրակէ օղակին մէջ բռնած կացութենէն գլխաւոր տուժողն է անմեղ բնակչութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ համայնքը: Սուրիոյ Հայ համայնքը ունի դարաւոր պատմութիւն, եւ իր պատմական իրագործումներով, իւրայատուկ տեղ ու ներդրում ունի հայկական գաղթաշխարհի պատմութեան մէջ: Յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք աւելի մեծ ծաւալ ստացած այս գաղութը, հայավայել աշխատանքով ու ջանասիրութեամբ, ընդհանրապէս բարօր վիճակ կերտած է սեփական ընտանիքներու թէ ազգային կառոյցներու` եկեղեցիներու, դպրոցներու հաստատումով: Այսօր, ծանօթ իրադարձութեանց հետեւանքով, գաղութը մատնուած է տագնապալի վիճակի: Սուրիոյ մեր գաղութի կազմակերպութիւնները, հաւատարիմ` մեր ազգային նկարագիրին, արդէն նախաձեռնած են գաղութի կարիքներուն հասնելու ծրագրուած ու համադրուած հաւաքական աշխատանքին: Ի տես ստեղծուած վիճակին, հայութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ, այլ կը մղուի գործի, կանգնելու համար Սուրիոյ հայութեան կողքին, պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու անոր: Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայութիւնը եւս մտահոգ է սուրիահայ տագնապով: Հայութեան աշխարհատարած ընտանիքին ոեւէ մէկ անդամին հասած վնաս` հաւասարապէս կը ցաւցնէ ընտանիքին բոլոր անդամները` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Հայավայել գիտակցութեամբ պատրաստակամ ըլլանք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս որ օժանդակութեան ձեռք երկարած ենք Հայաստանին, Արցախին, Լիբանանի, Իրաքի եւ այլ տագնապահար գաղութներու:
Արդ, կոչ կþուղղենք շրջանիս հայութեան, որպէսզի ընդառաջէ Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն եւ նուիրաբերէ ի խնդիր Սուրիոյ հայկական օճախին բարօրութեան պահպանման: Սուրիոյ Հայ գաղութը իր դարաւոր առաքելութիւնը կենսագործած է բարձրաճակատ, այսօր ալ կառչած կը մնայ իր օճախին, իրազեկ է, որ գաղթաշխարհի տարածքին ունի իր անփոխարինելի եւ անկորնչելի տեղն ու դերը, զոր պէտք է պահպանել միահամուռ կեցուածքով:

Այսու կը հաղորդենք մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ կազմուած է “Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմին՚” մը: ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ, ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍԿ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ, ՎԵՐ. ՅՈՎՍԷՓ ՄԱԹՈՍԵԱՆ, Ս.Դ.Հ.Կ.-Հ.Յ.Դ.-ՌԱԿ- Հ.Բ.Ը.Մ-ՀՕՄ-ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԸՆԿ.








All the contents on this site are copyrighted ©.