2012-08-14 09:51:43

Վարչապետ Սարգսեան Կ՛այցելէ Սուրիահայ Պատանիներուն Հանգստեան Յատկացուած «Լուսաբաց» Ճամբարը


Հանքաւանի բնութեան գիրկը գտնուող «Լուսաբաց» ճամբարը արդէն 3 օրէ ի վեր իր մօտ հիւրընկալած է Սուրիայէն Հայաստան ժամանած 119 հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ: Հակառակ անոր որ ընդամէնը քանի մը օր է, որ երեխաները Հայաստան կը գտնուին, անոնք արդէն այցելած են Հայաստանի շարք մը գեղատեսիլ վայրեր եւ ունեցած ընկերներ:
«Լուսաբաց» ճամբարի տնօրէն Աշոտ Աւետիսեան յայտնեց, որ անոնք տակաւին 14 օր ալ կարելիութիւն ունին ծանօթանալու իրենց հայրենիքին:
Հանգիստի 4- րդ օրը երեխաներուն այցելեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: «Հայ ժողովուրդը համախմբուած է սուրիահայութեան շուրջ եւ բոլորը կը փորձեն իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերել` սեփական հատուածէն սկսած աւարտած Հայաստանի սովորական քաղաքացիներով, որոնք սրտի մօտ կ՛ընդունին բոլոր այն խնդիրները, որոնք այսօր կանգնած են սուրիահայութեան առջեւ», ըսաւ ան:
Երիտասարդները ողջունելէ ետք Հայաստանի վարչապետը Հանքաւանէն շտապեց Ծաղկաձոր, ուր սկսաւ «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքը: «Բազէ»-ն արդէն 10 տարեկան է եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր ողջոյնի խօսքը սկսաւ շնորհաւորանքով:
«Այսօր երիտասարդական քաղաքականութիւն իրականացնելու ընթացքին մենք մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք այն նախաձեռնութիւններուն, որոնց հեղինակները երիտասարդներն են: Իսկ այդպիսի նախաձեռնութիւններ ցոյց տալու համար անհրաժեշտ է, որ ըլլայ հարթակ, ուր երիտասարդները կրնան հաւաքուիլ, կազմակերպուիլ, կազմակերպել տարբեր հարցերու քննարկում, ստեղծել անմիջական մթնոլորտ ու միջավայր», նկատել տուաւ կառավարութեան ղեկավարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.