2012-08-14 09:24:28

Հայաստանի Եւ Աւստրալիոյ Միջեւ Պաշտօնական Առաջին Փաստաթուղթը Ստորագրուած։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Աւստրալիա պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Երկուշաբթի 13 Օգոստոսին՝ Քանպերայի մէջ տեղի ունեցան Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոպ Քարի հետ բանակցութիւնները:
Ողջունելով հայաստանցի իր պաշտօնակիցը` Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ այս այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ նոր բովանդակութիւն հաղորդելու երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ ինք տրամադրուած է գործուն քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ:
Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման շրջագիծին մէջ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորումը, արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններու կայացումը, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան սերտացումը, տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացումը:
Միջազգային օրակարգի խնդիրներու քննարկումներուն ընթացքին Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարները արձանագրեցին, որ շատ հարցերու վերաբերեալ երկու երկիրներուն տեսակէտները կը համընկնին կամ շատ մօտ են իրար:
Նախարարներ Նալբանդեան եւ Քար միտքեր փոխանակեցին ճգնաժամային կէտերուն վրայ խաղաղապահ գործողութիւններուն Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերեալ: Նախարար Քար ներկայացուց Ասիա-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները եւ Աւստրալիոյ դերակատարութիւնը այդ հոլովոյթներուն մէջ:
Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարին խնդրանքով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը:
Նախարար Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնեց Պոպ Քարին աւստրալիական Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ եղած ժամանակ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն համար:
Հանդիպումէն ետք նախարարները ստորագրեցին հայ-աւստրալիական առաջին երկկողմանի փաստաթուղթը` «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի բաժանմունքին միջեւ խորհրդակցութիւններու վերաբերեալ յուշագիրը»: Պոպ Քար նաեւ ընդունեց Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրը Երեւան այցելելու յաջորդ տարուան առաջին կիսուն։
Նալպանտեան հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններուն հետ նաեւ՝ Սիտնիի մէջ այցելեց Սուրբ Յարութեան հայ առաքելական եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած պատարագին. ու նաեւ՝ հանդիպում ունեցաւ աւստրալիահայ համայնքի շուրջ 400 ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.