2012-08-13 11:44:01

Հրապարակագիր, Գրող, Բանաստեղծ Եւ Մտաւորական Շահանդուխտի Գիրը Աստուածամօր


Տօնդ է այսօր, Մայր ամենազօր: Կ՛աղօթենք կրկին, որ օգնես մեզի` այս դաժան կեանքի օրերուն դիմաց, որ ըլլանք ներող չարերուն բոլոր:

Արդեօք կրցա՞նք հետեւիլ սրբութեանդ հզօր, կրցա՞նք պահել հաւատքը անխախտ` իբրեւ մայրեր մաքուր, մայրեր հարազատ:

Պատկերիդ դիմաց աղօթեցինք շատ, լսեցի՞ր արդեօք պաղատանքը ջերմ, ժողովուրդին մեր, ցրուած աշխարհով օտար մայթերուն:

Զգեստդ կապոյտ եւ գօտիդ ճերմակ` եղան ուղեցոյց ուխտապահութեան, գէթ ընդունէիր, Տիրամայր բարի, աղջիկներուն մեր աղերսը գաղտնի, մայրութեան ձգտում, պահպանող ազգի: Արդեօք կը ներե՞ս մեր անգիտակից կամ գիտակից մեղքերը բազում: Մեր մայրերուն տուր քաջութիւն անբաւ, որ մնան տէրը հայ ընտանիքին: Ոչ մէկ դրժում` ուխտին մայրութեան, զաւակները հայ աճին ու մեծնան խորհուրդով բարի: Աստուածահաճոյ կամքին հնազանդ` մնանք երջանիկ մեր երդիքին տակ:

Ուխտի օրն է այս, սուրբ Վերափոխման, արդեօք կը մնա՞նք կապոյտ տեսիլքիդ հլու միաբան:

Նարեկացին սուրբ` փառաւորեց քեզ, ընդունէ, Սուրբ Մայր, բարեխօսութիւնը երանելիին, որուն խօսքերով ի խորոց սրտի` պահ մը հրաժեշտ տուինք ցանկութիւններէն սին, սանձարձակ կեանքին:

Ներէ՛, Տիրամայր, մայրերուն անգէտ, աղջիկներուն մեր` մշուշուած պատկեր: Մաքրութեամբ անբիծ` սորվեցուր կրկին, որ մնանք տէրը հայու օճախին:

«Վարանիմք ի մեղաց» երգեցինք սակայն, ցօղեցիր կաթիլդ կուսական սրտերուն երկչոտ, ուրախացանք շատ սքանչելիքիդ պայծառութեամբ, իսկ եթէ դարձեալ աղտոտի երդումը սիրոյ, այս անգամ եւս ներէ, Կոյս Մարիամ, որ արժանանանք ներումիդ լոյսին: Թող աչքերը մեր աներկիւղ նային նկարիդ, թագիդ երկնատուր, ու մի՛ մոռնար, Սրբուհի՛, երկիրը մեր հայոց, Հայաստան ու Արցախ, ուր Գանձասարի ղօղանջները զնգուն` փառաւորեն քեզ արթուն, զուարթուն










All the contents on this site are copyrighted ©.