2012-08-13 11:43:05

Զուիցերիոյ Ափրիկեցիներու Բ. Ուխտագնացութիւնը ՜՜Սեւ Տիրամօր՝՝ Սրբավայր։


Աւելի քան 300 ուխտաւորներ կը սպասուին Զուիցերիոյ Էյնսիտելնի` Սեւ Տիրամօր սրբավայրը։ 25 օգոստոսին համար նախատեսուած այս Բ. ուխտագնացութեան, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ափրիկեցի եօթը երգչախումբեր, եկած Զուիցերիոյ զանազան քաղաքներէն։ Յայտագիրը կը նախաեսէ ճանապարհ խաչի բարեպաշտութիւնը եւ հանդիսաւոր պատարագ, որ կը մատուցէ Գուար թեմի տեղապահ եպիսկոպոսը` գերապայծառ Մարիան Էլեկանթին։
Այս ուխտագնացութեան նպատակն է միատեղ հաւաքել ափրիկեցի կաթողիկէ հաւատացեալները, միասնաբար ապրելու՝ իրենց քրիստոնէական հաւատքը իրենց մշակոյթին ու աւանդութեան համաձայն, եւ յայտնել որ Զուիցերիոյ եկեղեցին ունի նաեւ՝ ափրիկեցի կաթողիկէներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.