2012-08-13 11:46:10

Առաջին Անգամ «Մեղրի Ու Հատապտուղներու» Փառատօն Տաւուշի Մէջ։


Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի մէջ Օգոստոսի 18-ին կ'իրականացուի «մեղրի եւ հատապտուղներու» փառատօն, որ կ’իրականացուի առաջին անգամ:
Փառատօնը նախաձեռնած է «Տաւուշի հոգեւոր վերածնունդ» հիմնադրամը, որուն տնօրէն Հայկ Չոպանեանը այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ այս փառատօնով իրենք կը սկսին շրջանի մէջ իրականացուելիք ծրագրերու շարքը:
«Փառատօնի նպատակը տարածաշրջանի հոգեւոր մշակութային զարգացումն է, տեղական արտադրութեան խթանումը: Ներկայ են լինելու բազմաթիւ հիւրեր եւ մենք ցանկանում ենք, որ նրանք ծանօթանան Շամշատինի հատապտուղներին ու մեղրին»,-ըսաւ ան:
Ըստ Հայկ Չոպանեանի` փառատօնի ընթացքին ոչ միայն կը շեշտադրուի Տաւուշը` իբրեւ մեղրի եւ հատապտուղներու լաւագոյն կեդրոն, այլ նաեւ ան կը նպաստէ զբօսաշրջութեան եւ տեղական համայնքներու մէջ զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներու զարգացման:
Նոյն հիմնադրամի անդամ Լաւրենտին Միրզոյեանը իր հերթին ըսաւ, որ սահմանամերձ Տաւուշի համար պետական կառավարման ծրագիր գոյութիւն ունի, սակայն այդ ծրագիրը յայտնի չէ, թէ ինչպէս կը կիրառուի: «Հայրենիքը սկսւում է սահմանից, իսկ սահմանը չպէտք է թոյլ լինի: Այս փառատօնի ընթացքում բոլոր ներկաները հնարաւորութիւն կ'ունենան մօտիկից ծանօթանալ մեր սահմանամերձ բնակչութեանը: Դա եզակի տարածաշրջան է, որտեղ բազմաթիւ հատապտուղներ կան: Հնարաւորութիւն է տրւում, որ մարդիկ մօտիկից ծանօթանան Տաւուշի լեռնաշխարհին, անտառների հարստութեանը»,- ըսաւ Լաւրենտին Միրզոյեան, ու ցաւով նշեց, որ այս շրջանին գրեթէ չկան աշխատատեղեր, արտադրական ձեռնարկութիւնները գրեթէ կը բացակային: Ան յոյս յայտնեց, որ փառատօնը, գուցէ, որեւէ խթան հանդիսանայ արտադրամասերու ստեղծման առումով:
Անդրադառնալով հիմնադրամի ֆինանսական միջոցներուն` տնօրէն Հայկ Չոպանեանը նշեց, որ պետութենէն իրենք միջոցներ ո՛չ կը ստանան, ո՛չ ալ կ’ակնկալեն: Ան ըսաւ.«Հիմնականում մեզ ֆինանսաւորում են դրսում բնկաուող տաւուշցիները»:
Փառատօնի ընթացքին կը նախատեսուի մեղրի, անկէ պատրաստուող ուտելիքներու, հատապտուղներու ու անոնցմէ պատրաստուող ուտեստներու ու ըմպելիքներու, ինչպէս նաեւ գորգագործութեան, փայտամշակման եւ այլ արհեստներու ներկայացում, համերգ երգ ու պար:








All the contents on this site are copyrighted ©.