2012-08-11 12:43:11

Սուրիահայութեան Համար ՜՜Հայաստան՝՝ Համահայկական Հիմնադրամի Դրամատնային Հաշիւ Ստեղծուած։


Հ Հ նախագահ եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով` հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահութիւնը որոշում տուած է ստեղծել առանձնացուած դրամատնային հաշիւ մը սուրիահայութեան օժանդակելու համար:
Հիմնադրամին վերահսկողութեան ներքեւ կուտակուած գումարները ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուին Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի ազգային իշխանութեան եւ այնտեղ ստեղծուած համակարգող մարմինին, որ ըստ նպատակայարմարութեան, պիտի բաշխէ զանոնք` ծագող խնդիրներուն աւելի արդիւնաւէտ լուծում տալու նպատակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.