2012-08-11 12:45:49

Սուրիահայ Համայնքը։


Սուրիահայ գաղութը (կը գրէ Տիգրան Գաբոյեան) յատուկ նշանակութիւն ունի հայ ռազմավարական համակարգին համար, եւ այդ մէկը պայմանաւորուած է շատ հանգամանքներով.
1. Իբրեւ առաջին կեդրոնատեղի ու կազմակերպուած հայկական գաղութ՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդի ջանքերով, Սուրիահայ գաղութը պատմական առաքելութիւն ունի Հայ Դատի արդարացի լուծման հետապնդման առումով, եւ ունի այսպէս կոչուած՝ բացառիկութեան ու առաջնութեան կոչում, իբրեւ արեւմտահայ մշակոյթի իւրովի ջահակիր ու եղափոխող (հայկական դիմագիծ պահելու ու վերանորոգելու առաւելութիւններով, մեկնած աշխարհագրական ու քաղաքա-մշակութային շատ տուեալներէ):
2. ՀՀի ազգային անվտանգութեան բաղադրիչներէն մէկն է՝ ամուր կանգնած «Թուրքիոյ հարաւային շրջան»ին մօտ (Արեւմտահայաստանեան կերտուածքով), իսկ միւս Միջին-արեւելեան հայ գաղութներուն հետ կը կազմէ մարդկային ու մտաւորա-քաղաքական այն ներուժը, որ հայկական գործօնի ու Հայ Դատի համար մեծ միաւոր կ՛ապահովէ:
3. Կը հանդիսանայ համադրողն ու կամուրջը իր սերտ համագործակցական ենթահողով (թէ՛ իր քոյր Միջին-արեւելեան գաղութներուն հետ, թէ՛ Մայր Հայաստանի հետ) Արաբական աշխարհի, Հայաստանի եւ հայ իրականութեան մերձացումին ու փոխշահաւէտ անջրպետի յառաջացման գործին մէջ (մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական ճիւղաւորումներով):
Մեկնած այս բոլորէն՝ մշտապէս կանխատեսելի է Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւուածութիւնը տկարացնելու սուրիահայ գաղութը, որ կը հանդիսանայ խորքային պատնէշը աւելի ազատ անջրպետով գործող լիբանանահայ ու միւս գաղութներուն, ու հզօր կամուրջը՝ Հայաստանի հետ:
Մեկնած այս բոլորէն՝ անհրաժեշտ է ՀՀի գերատեսչութիւններուն գերակայ խնդիրներու օրակարգին վրայ ունենալ առաջնահերթաբար Սուրիահայ գաղութը իր ամբողջական կառոյցով միահամուռ ու կանգուն պահելու աշխատանքը՝ անկախ քաղաքական անցուդարձերէն ու հաւանական փոփոխութիւններէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.