2012-08-11 12:33:29

Նիճերիոյ Ապուժա Թեմի Առաջնորդին Կեցուածքը Օքենի Դէմ Կատարուած Մահափորձին Առթիւ։


Օքենի մահափորձէն ետք՝ բողոքական տաճարին մէջ, զոր գործադրուեցաւ 6 օգոստոսին եւ որուն հետեւանքով 19 հոգի սպաննուեցաւ, Ապուժա թեմի առաջնորդը՝ գերապայծառ Ճոն Օնէյեքան յայտարարեց որ այս մահափորձերու նպատակն է, իրարու դէմ լարել քրիստոնեայ եւ իսլամ հասարակութիւնները։ Երկրի իսլամ ծայրայեղ պաքօ հարամ շարժումին նպատակն է, Նիճերիոյ մէջ ստեղծել իսլամ անկախ պետութիւն մը։ Յայտնենք որ Նիճերիոյ բնակչութեան թիւը ամենամեծն է Ափրիկէի երկիրներու մէջ։ բնակչութեան կէսը մահմետական է եւ միւս կէսը քրիստոնեայ ու աւանդական կրօններու հետեւողներ։ Քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը կ'ապրի երկրին հարաւային մասը։








All the contents on this site are copyrighted ©.