2012-08-11 12:02:26

Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առթիւ, ֆրանսական France 2 Պատկերասփիւռէն, Արեւելեան Չորս Եկեղեցիներու Հոգեւորականներ Տաղեր Կ'երգեն, Ի Պատիւ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։


Չորեքշաբթի 15 օգոստոսին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ` France 2 Պատկերասփիւռը հրաւիրած է չորս հոգեւորականներ` հայ, մելքիթ, մարոնի եւ յոյն կաթողիկէ ուկրային մը, տաղեր երգելու՝ ի պատիւ Տիրամօր, եւ միաժամանակ անոնցմէ խնդրուած է որ դիտողներուն պարզեն տօնին նշանակութիւնը ու անոր հայող աւանդութիւնները։
Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան` Փարիզի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետը հեռուստատեսիլէն պիտի ներկայացնէ Վերափոխման տօնին նշանակութիւնն ու աւանդութիւնը Հայոց մօտ, միաժամանակ ան Տիրամօր ի պատիւ տաղ մը պիտի երգէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.