2012-08-10 12:27:55

Քեսապի Տուզաղաճ Գիւղը Ինքզինք Կը Պաշտպանէ։


Սուրիոյ Քեսապ հայաբնակ շրջանի Տուզաղաճ գիւղի բնակչութիւնը 8 Օգոստոսին խառնակ կացութեան դէմ յանդիման գտնուած է: Մինչ սուրիական կառավարական ուժերը գլխաւորաբար հարաւային կողմը կը գտնուէին, ապստամբներ յարձակած են Ֆրնլըխի վրայ, որ Տուզաղաճէն 5-6 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, անմարդաբնակ է, եւ հոն զինուորական խարիսխ կայ։
Տուզաղաճի բնակչութիւնը բաղկացած է հայերէ եւ արաբներէ:
Հայ տղամարդիկ կրցած են իրենց կիներն ու երեխաները տեղափոխել Քեսապի այլ գիւղեր, իսկ իրենք հսկողութիւն կատարած են։ Այս մասին յայտնած են շրջանի բնակիչները։ Դիմադրութեան ընթացքին կառավարական ուժերը հասած են դէպքի վայր, չէզոքացուցած են ապստամբները եւ դիրքաւորուած են թուրք-սուրիական սահմանին վրայ։ Բախումներուն ընթացքին զոհուած են 2 զինուոր եւ մէկ քաղաքացի, որ Քեսապի բնակիչ ըլլալով լաւապէս կը տիրապետէր հայերէն լեզուին: Զոհերու շարքին հայեր չկան:
Տուզաղաճ Գիւղի Պատմականը։
Տուզաղաճի արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը Քեսապի շրջանի բարձրունքներն են, իսկ արեւելեան կողմը՝ շրջանին բնական սահմանը հանդիսացող լեռները:
19րդ դարու առաջին կիսուն, գրեթէ ամբողջապէս անտառապատ եղած է Տուզաղաճը: Լաթաքիա-Անտիոք ճամբան անցած է խիտ անտառներու մէջէն: Յիշեալ դարու 40ական թուականներուն, օտար կապալարուներ պետութենէն կը գնեն Տուզաղաճի անտառներու շահագործումի իրաւունքը: Այս գործին համար բանուորները կու գան Քեսապէն եւ շրջակայ գիւղերէն:
Անտարահատումին պատճառով, քանի մը տարուան ընթացքին ամբողջ հարթավայրը կը լերկանայ: Մօտակայ գիւղացիներ արտեր կը բանան, ցանք կ՛ընեն, պարտէզներ կը տնկեն: Ասոնցմէ ոմանք մնայուն բնակութեան համար տուներ կը կառուցեն:
Այստեղ հաստատուած ընտանիքները ընդհանրապէս Սեւաղբիւրէն, Քէօրքիւնէէն, Չագալճըգէն, Չինարճըգէն, եւ Քեսապէն են:
Գիւղը առանձին եկեղեցի եւ «մուխթարութիւն» (գիւղապետութիւն) չէ ունեցած:
1909 Ապրիլ 23ին, թուրք խուժանը Օրտուի կողմէ կը յարձակի Տուզաղաճի վրայ եւ կը թալանէ գիւղը: Գիւղացիք կը փախչին դէպի Էքիզօլուք ու կը միանան միւս գիւղերու փախստականներուն: Անոնք մէկ շաբաթ ետք կը վերադառնան իրենց տուները:
1915ին, գիւղի բնակչութիւնը կը տեղահանուի երկու խումբով՝ Քէօրքիւնէյի բնակչութեան հետ: 1919-1920 թուականներուն գիւղ կը վերադառնայ բնակչութեան մէկ մասը: 1939ի սահմանագծումով, Տուզաղաճի արեւելեան մասը կէսէն աւելի Թուրքիա կը մնայ:
1947ին, հայրենիք կը ներգաղթէ գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
1950-960 թուկաններուն տնտեսական տագնապէն փախուստ տալով, երիտասարդները կ՛երթան Լիբանան եւ այլուր. գիւղը գրեթէ կը պարպուի :
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն, ոմանք վերջնականապէս կը վերադառնան իրենց կալուածները:
Նախկին գիւղատեղը գրեթէ ամբողջապէս լքուած է. տեղացիք իրենց նոր տուները կառուցած են ճամբուն մօտիկ իրենց կալուածներուն մէջ:
Դպրոցները
Տուզաղաճի մէջ գործած են քանի մը դպրոցներ.
Ա- Հայ Աւետարանական վարժարան. կը հիմնուի 18րդ դարու կէսերուն իբրեւ քեսապի դպրոցի մասնաճիւղ, գործած է մինչեւ 1910:
Բ- Ազգային վարժարան (1910-1915,1924-1942).
Գործած է իբրեւ Գարատուրանի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի մասնաճիւղ: 1934ին դպրոցը կ՛անցնի Ուսումնասիրաց ընկերութեան հովանաւորութեան տակ:
Գ- ՀԲԸՄի Ազգ. Նպաստընկալ վարժարան (1934-1937):








All the contents on this site are copyrighted ©.