2012-08-10 12:24:26

Տասնեակ Հազարաւոր Ուխտաւորներ Կը Մասնակցին Տիրամօր Վերափոխման Տօնին Ուխտագնացութեան`


Ուխտագնացութիւն մը Փարիզի Սէն գետին վրայ։
Օգոստոս 12-15 Փարիզի մէջ նախատեսուած են 12 պատարագներ եւ երկու թափօրներ Տիրամօր Վերափոխման տօնին առթիւ։
Կը նախատեսուի աւելի քան 20 հազար հաւատացեալներու եւ 120 հազար այցելուներու մասնակցութիւնը ծիսական արարողութիւններու, որոնք տեղի պիտի ունենան Փարիզի Աթոռանիստ տաճարին մէջ։
14 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8-ին Սէն գետին վրայ տեղի ունեալիք 9-րդ ուխտագնացութեան առթիւ Եկեղեցին վերապահած է 14 գետանաւեր որոնց մէջ անվաճառ պիտի հիւրընակլէ չորս հազար ուխտաւորներ։
Յայտնենք որ այս ուխտագնացութիւնը տարուէ տարի մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ հաւատացեալներու եւ այցելուներու կողմէ։ Վերափոխման տօնին հանդիսաւոր պատարագը կը մատուցանէ գերապայծառ ֆիզիքելլան` նախագահը նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին։
Ծիսակատարութիւնը պիտի պատկերասփռուի ՜՜KTO՝՝ կաթողիկէ հեռուստատեսիլի միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.