2012-08-10 12:38:13

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ասիզիի Սուրբ Տամիանօ եկեղեցւոյ մէջ` ուրբաթ 10 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 9ին տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկումի երեկոյ մը Ասիզացի Սրբուհի Պայծառի մասունքներու անցքի առթիւ։ Արարողութիւնը կը գլխաւորէ Ումպրիա Նահանգի փոքր եղբայրներու միաբանութեան մեծաւոր` հայր Պրունօ Օթթավին։ Հսկումի արարողութիւնը մաս կը կազմէ այն յայտագրիրներու օրակարգին որ նախաձեռնուած են Սրբուհի Պայծառի 800 ամեակի յոբելենական տօնախմբութիւններու փակման առթիւ։ Նշենք որ վերոյիշեալ տօնախմբութիւնները սկիզբ առած էին 2011-ի ապրիլ 17ին եւ որոնց հանդիսաւոր փակումը պիտի կատարուի մեծ շուքով վաղը շաբաթ 11 օգոստոսին Ասիզիի մայր տաճարին մէջ կազմակերպուած` գիտաժողովով եւ ուրիշ երեք արարողութիւններով. Համապատարագ մը, Սրբուհի Պայծառի անուան նուիրուած ներքնաբակի բացում, եւ եզրափակիչ սուրբ զոհ Սանդա Գիարայի (Սրբուհի Պայծառ) անուան պազիլիքայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.