2012-08-10 12:23:53

Սուրիահայ Երեխաները Պիտի Հանգստանան Հանքաւանի Մէջ:


Սուրիոյ մայրաքաղաք' Դամասկոսէն (երէկ) Հայաստան ժամանեցին 119 սուրիահայ երեխաներ: Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրով, անոնք պիտի հանգստանան Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարին մէջ: Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան տեղեկացուց, որ այս թռիչքին պիտի յաջորդեն երկու այլ թռիչքներ եւս: Կառավարութեան ներկայացուցիչները կ՛ըսեն, որ ասիկա երեխաներու տարհանում չէ, պարզապէս անոնց հանգիստի կազմակերպում:








All the contents on this site are copyrighted ©.