2012-08-10 12:17:25

Շողակաթի տօնը


Շաբաթ 11 Օգոստոսին, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, հայ Եկեղեցին կը կատարէ իւրայատուկ տօն մը, Շողակաթի տօնը.
Ըստ Ագաթանգեղոսի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, քրիստոնէութեան դարձնելէ ետք հայ ժողովուրդը, ուզեց շինել յարմար տաճար մը, եկեղեցի մը որ յաւերժացնէր այս դէպքը։ Ըստ աւանդութեան՝ ան երեք տեսիլքներ ունեցաւ. մին՝ շինուելիք եկեղեցւոյ յատակագիծն էր իր կամարներով եւ գմբէթով, երկրորդը՝ Միածին Որդին էր որ կ՛իջնէր երկնքէն դէպի այն տեղը ուր պիտի կառուցուէր Եկեղեցին, ձեռքը բռնած մուրճ մը ոսկեայ, քանթելու համար սանդարամետ չաստուածի մեհեանը եւ փոխարէնը կառուցանելու հիմերը նոր տաճարին. Իսկ երրորդ տեսիլքը լոյսի այն ճառագայթն էր որ կաթած էր երկնքէն եւ լուսաւորած Էջմիածնի տեսիլքը։
Ահա ասոր համար է որ տօնը կոչուեցաւ Շողակաթ եւ այդ անունը տրուեցաւ Լուսաւորչի շինած երեք եկեղեցիներէն մէկուն, որ էր Հռիփսիմեանց խումբէն հիւանդ կոյսի վկայարանի վրայ շինուած տաճարը, որը մինչեւ այսօր կը կոչուի Շողակաթի Եկեղեցի։
Այսօր նաւակատիքն է նաեւ Ս Էջմիածնի Մայր Տաճարին։ Պատմական տեղեկութիւններու համաձայն, Էջմիածնի Մայր Տաճարը նուիրագործուած եւ օծուած է 303 թ, Ս. Կոյսի Վերափոխման տօնին օրը։ Մայր Տաճարն ալ նուիրուած է Աստուածածնաայ անունին եւ ահա թէ ինչու Հայ Եկեղեցին Վերափոխման տօնի նախընթաց շաբաթ օրը Շողակաթի տօնը կը կատարէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.