2012-08-10 12:15:35

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Քահանային քարոզախօսութեան նպատակը
Առաջին հերթին, յստակ կերպով պէտք է հասկցուի որ քարոզախօսութեան նպատակը հաւատացեալներու հոգիներու մշակումն է, նկարագրի կերտումը քրիստոնէական հաւատքի ոգիովն ու տարրերովը: Աւետարանացման բուն նպատակը Քրիստոսի անձին, քրիստոնէական ճշմարտութեանց գիտելիքներ հայթայթելուն, ծանօթութիւններ տալուն մէջ չի կայանար: Հոգեկերտումի, հոգեխնամութեան հայեցակէտով պէտք է ըմբռնուի աւետարանացման նպատակը: Ասոր մէջ բնականօրէն տեղ կը գրաւէ ուսուցողական տարրը. բայց ան պէտք է բռնէ կեդրոնական տեղը: Պէտք է ըլլայ օժանդակ տարր մը հոգեխնամութեան գործին համար:
Մեր եկեղեցւոյ հայրապետներէն Յովնան Մանդակունի ոսկեդարեան պայծառատես եւ քրիստոնէաշունչ հայեացքով այսպէս կ՛ըմբռնէ քահանայ-քարոզիչին դերը.
«Խօսէ՛ եւ քարոզէ՛ Աստուծոյ Ուսմունքները եւ անոնցմէ ողորմութեան դեղ պատրաստէ քու հօտիդ ծերերուն, այրիներուն, կիներուն, ծառաներուն, տէրերուն, եւ հիւանդացեալ ախտաւորներուն: Երբեք մի՛ դանդաղիր եւ պարապ մի՛ տրտմիր, այլ անդադար քարոզէ՛:
Պահակ ես՝ աղաղակէ.
Տեսուչ ես՝ մխիթարէ՛.
Առաջնորդ ես՝ եկեղեցիիդ հետեւէ՛.
Հովիւ ես՝ ճշմարիտ հաւատքով արածէ՛.
Բժիշկ ես՝ մեղքերու վէրքերը բժշկէ.
Նաւապետ ես՝ նաւդ ազատէ՛ ալեկոծութենէն:

Յովնան Մանդակունի հայրապետը իր տեսակէտը կը շարունակէ յայտնել քահանային մասին «Յաղագս Տեսչութեան Քահանայից» Ճառին մէջ յորդորելով. « Հաւաքէ՛ բոլորը. վարդապետական խրատներով պարսպէ՛. թշնամիները Աստուծոյ հետ հաշտեցուր ... եկեղեցիէն հեռացածները մօտեցուր. աղօթքէն վախցողները քաջալերէ՛. ճշմարտութենէն շեղածները փնտրէ՛. մոլորածները արդարութեան դարձո՛ւր. հիւանդները բժշկէ՛. սատանայէն վիրաւորուածները առողջացո՛ւր. տգիտութեամբ խաւարածները լուսաւորէ՛. Աստուծոյ պատուիրաններէն օտարացածները ընտանի դարձո՛ւր. մեղաւորները ապաշխարութեամբ արդարացո՛ւր. անօրէնները Քրիստոսի մարմնով կերակրէ՛. ծարաւ եղողները Քրիստոսի արեամբ յագեցո՛ւր...: Յորդորէ՛ որ պարկեշտ վարք ունենան. զօրացուր ուղղափառ հաւատքին մէջ. խոնարհութիւն եւ հեզութիւն հրամայէ՛. սրտի սրբութիւն, լեզուի ճշմարտախօսութիւն, աչքի խոնարհութիւն, եւ մամրնի պարկեշտութիւն յորդորէ՛, որպէսզի ըլլան ժուժկալ եւ համբերատար. պահեցողութեամբ, աղօթքով եւ ողորմածութեամբ շատանալ պատուիրէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.