2012-08-10 12:19:44

Աւելի Քան 100 Սուրիացի Փախստականներ Ձկնորսական Նաւով Հասած Են Իտալիոյ Ափեր։


Իտալական իրաւապահ մարմիններ փախստականներով լեցուն ձկնորսական նաւ մը այսօր յայտնաբերած են եւ տարած Իտալիոյ հարաւը գտնուող Կրոտօնէ նաւահանգիստ, կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը` յղում կատարելով տեղի իշխանութիւններու յայտարարութեան:
Նաւին վրայ, բացի 124 սուրիացիներէն, եղած են նաեւ 30 աֆղանցի եւ 3 թուրք, որոնցմէ 2-ին մասին կասկածներ կան, թէ անոնք կը զբաղին մարդավաճառութեամբ :
Սուրիացի փախստականներու շարքին են՝ 30 կին եւ 40 երեխայ: Եթէ Իտալիոյ իշխանութիւնները անոնց մերժեն ապաստան տրամադրել, ապա բոլոր փախստականները հայրենիք կ'ուղարկուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.