2012-08-10 12:18:18

«Եւրոյի Գօտիի Ճգնաժամը Կը Հարուածէ Եւրոպական Միութեան Ապագան» Կ՛ըսէ Իտալիոյ Վարչապետը։


Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթի գերմանական «Շփիկըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպայի մէջ պարտքային եւ դրամանիշի ճգնաժամի յաղթահարման ուղիներուն շուրջ տարակարծութիւնները Եւրոպական Միութեան գոյութեան համար վտանգներ կը ստեղծեն:
«Վերջին տարիներուն Եւրոյի գօտիէն անբաժան լարուածութիւնը արդէն իսկ Եւրոպայի մէջ հոգեբանական շերտաւորման նշաններ ցոյց տուած է: Ճիշդ է նաեւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան այն արտայայտութիւնը, թէ որոշ երկիրներ ստիպուած են հաշտուիլ իրենց պարտքերու «չափազանց բարձր» ֆինանսաւորման արժէքին հետ», ըսած է Մոնթի:
Միջազգային դրամական ֆոնտին հրապարակած նոր զեկուցումին համաձայն, յառաջիկային եւրոպական ճգնաժամը նաեւ պիտի ազդէ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ: Եւրոյի գօտիի համախառն ներքին արտադրութիւնը, ըստ նախատեսութեանց, պիտի կրճատուի 5 առ հարիւրով, ամերիկեանը` 2 առ հարիւրով, իսկ ճափոնականը` 1 առ հարիւրով:








All the contents on this site are copyrighted ©.