220 տարի առաջ աշխարհը լսեց «Մարսէյեզ»-ը` Ֆրանսայի պետական քայլերգը, եւ հաւանաբար,
բոլոր ժամանակներու ամէնէն ծանօթ հայրենասիրական երգը (կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»ն։ Շուրջ
հարիւր տարի առաջ աշխարհը «Մարսէյեզ»-ը կ՛ընդունէր ոչ այնքան իբրեւ ռազմական, որքան յեղափոխական
երգ: Մինչեւ իբրեւ պաշտօնական քայլերգ վերականգնուիլը, անիկա Ֆրանսայի մէջ երկու անգամ
արգիլուած է: Քայլերգի խօսքի եւ երաժշտութեան հեղինակն է Ռուժ տը Լիլ, որ զայն գրած
է 25 ապրիլ 1792-ին` քանի մը ժամուան ընթացքին: Նշենք, որ Ֆրանսա առաջին պետութիւնն
է, որ ունեցած է պաշտօնական քայլերգ: