2012-08-09 12:42:43

Վատիկանի Պետական Քարտուղարի Գնահատումով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Նոր Շրջաբերկան Թուղթ Մը Կը Պատրաստէ։


Վալլէ Տաօսդայի մէջ, օգոստոս մէկին, մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Կարտինալ Պերթոնէն ակնարկած է Սրբազան Քահանայապետի վերջերս աւարտած <<Յիսուս Նազովրէցի>> գիրք Գ. հատորի շարադրութեան մասին, զայն որակելով որպէս <<մեծ նուէր մըն է ի տես Հաւատոյ Տարւոյն>> ու աւելցնելով թէ սոյն աշխատանքէն ետք հաւանական է որ Սրբազան Քահանայապետը շրջաբերական նոր թուղթ մը հարատարակէ։
Յոյսը, հաւատքը եւ սէրը եկեղեցւոյ երեք առաքինութիւններն են։
2007-ի նոյեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը շրջաբերական թուղթ մը յատկացուցած էր քրիստոնէական յոյսին, մինչ 2005-ի դեկտեմբերին ուրիշ շրջաբերական թուղթ մը հրատարակած էր սիրոյ մասին "Deus caritas est" վերտառութեամբ։ Առ այդ՝ շատ հաւանական է որ նոր շրջաբերական թուղթը (Պենետիկտոս ԺԶ.ի՝ Քահանայապետութեան շրջանին չորրորդը) նուիրուի հաւատքին` ի տես Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հռչակուած ՜՜Հաւատոյ Տարւոյն՝՝ որուն բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ հոկտեմբեր 11-ին՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50-րդ տարեդարձի եւ Կաթողիկէ քրիստոնէականի հրատարակման 20-րդ յոբելեանի առիթներով։ Հաւատոյ տարուայ փակումը նախատեսուած է 2013-ի նոյեմբեր 24-ին։
Հաւատոյ տարուայ հռչակման նպատակն է՝ նորոգել ու նոր սլացք մը տալ համայն եկեղեցւոյ առաքելութեան, այն է՝ << մարդը առաջնորդել անապատնէն դուրս դէպի կեանք, դէպի Քրիստոսի հետ բարեկամութիւն որ մեզի կեանք կը պարգեւէ լիութեամբ>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.