2012-08-09 12:52:53

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Աւստրալիոյ Շէթսվուտ քաղաքի մէջ` 9 - 11 օգոստոս նախաձեռնութեամբ Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին, տեղի կ՛ունենայ Նոր աւետարանութեան մասին գիտաժողով մը՝ որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ՝ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլան, որ պիտի զեկուցէ երկու նիւթերու շուրջ. առաջինը, 9 օգոստոսին, <<ի՞նչ է նոր աւետարանութիւնը եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի եկեղեցւոյ համար>> իսկ երկրորդը 11 օգոստոսին` <<Յիսուս եւ Հաւատոյ տարին. նոր աւետարանութեան անհրաժեշտութիւնը։ >>

Գոլոմպիայի եպիսկոպոսներու նախաձեռնութեամբ՝ Պոկոթայի մէջ տեղի կ՛ունենայ 2012-ի խաղաղութեան ԺԹ շաբաթուայ ներկայացումը։ Խաղաղութեան շաբթուայ բնաբանն է <<Սատարենք խաղաղութեան. կառուցենք յարաբերութիւններ>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.