2012-08-09 13:13:32

Պրազիլի Եկեղեցին Կը Պատրաստուի 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան։


Աւելի քան 50 հազար երիտասարդներ մասնակցած են ''Ճանապարհը պատրաստել'' եռօրեայ աղօթքին։
Յառաջիկայ յուլիսին՝ 2013ին, Ռիօ տէ Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։ Ի պատրաստութիւն այդ միջազգային օրուան Պրազիլի եկեղեցին ձեռնարկած է յայտագիր մը ''Աւետարանութեան մեծ պահը'' անունով, որ ունեցաւ որպէս յայտագիր խորհրդածութեան, աղօթքի ու երաժշտութեան եռօրեայ մը։ Կազմակերպիչներու համար այդ եռօրեան հանդիսացաւ կրկնութիւն մը 2013-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։
Եռօրեան սկսաւ ս. պատարագով, որուն մասնակցեցան (ինչպէս ըսինք) աւելի քան 50 հազար երիտասարդներ։ Ծիսակատարութիւնը գլխաւորեց Պրազիլի մօտ առաքելական դեսպանը՝ գերապայծառ Ճիովաննի տ'Անիէլլօ-ն։








All the contents on this site are copyrighted ©.