2012-08-09 10:52:57

Մոսկուայի Մէջ Փութին – Սարգսեան Հանդիպում։


Հայրենի նախագահը կարեւորութեամբ նշեց երկու երկիրներուն յաջող զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ ռուս-հայկական միջկառավարական յանձնախումբը ձեւաւորուած է եւ անոր առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան աշնան: Փութին յայտարարեց, որ երկու երկիրներուն դիմաց դրուած է շատ ճիշդ խնդիր մը` տնտեսութեան մարզին մէջ յարաբերութիւններու զարգացման ծրագիրը մինչեւ 2020 թուական, ինչպէս նաեւ ստեղծել ճամբու քարտէս: Ըստ Փութինի, ռուսական կողմէն յանձնախումբը պիտի գլխաւորէ փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլով: Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յիշեցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2011 թուականի արդիւնքներով կազմած է 1 միլիառ տոլար, իսկ ապրանքաշրջանառութիւնը 2012 թուականի առաջին կիսուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճած է 32 առ հարիւրով: Բացի անկէ, Փութին յայտնեց, որ Ռուսիոյ մէջ աշխատող Հայաստանի քաղաքացիները ամէն տարի իրենց ընտանիքներուն կ՛ուղարկեն շուրջ 1 միլիառ տոլար, ինչ որ կը կազմէ Հայաստանի Համախառն ներքին արդիւնքի զգալի մասը: Իր կարգին, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ մէկ միլիառ տոլարը երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան համար սահման չէ եւ յառաջիկայ երկու-երեք տարիներուն ատիկա կարելի պիտի ըլլայ «կրկնապատկել կամ նոյնիսկ եռապատկել»: Հայրենի նախագահը կարեւորութեամբ նշեց երկու երկիրներուն յաջող զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը: «Մենք երկարաձգած ենք Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտները: Մենք կը նկատենք, որ ռուսական ռազմակայանի գտնուիլը Հայաստանի մէջ կը բխի մեր ապահովութեան շահերէն», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը` նշելով, որ այս տարուան աշնան երկրին մէջ տեղի պիտի ունենան զօրավարժութիւններ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.