2012-08-09 12:54:26

Էտիթ Շթայն Եւրոպայի Պաշտպան Սրբուհին


Հինգշաբթի 9 Օգոստոս 2012, նահատակ ու կոյս Խաչեցեալի՝ Սրբուհի Թէրէզա Պէնէտէթթայի Տօնն է՝ մկրտութեան անունով <> որ է Եւրոպայի պաշտպան սուրբուհին։ Այսօր կը նշուի անոր մահուան 70-րդ տարեդարձը։
Ան Ծնած էր Պրէսլավիա 12 Հոկտեմբեր 1891-ին՝ հրեայ ընտանիքի զաւակ։ Քրիստոնէական կրօնը ընդգրկելէ ետք, կը մտնէ Կարմեղեան միաբանութեան քոյրերու վանքը։ Կը նահատակուի Աուշվիցի մէջ 9 օգոստոս 1942-ին։ Երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը՝ զինք խորաններու պատուոյն կը բարձրացնէ 1988-ի հոկտեեմբեր 11-ին։ Շվէտի Սրբուհի Պրիճիտայի եւ Սիէնայի Սրբուհի Կատարինէի հետ միասին 1999 հոկտեմբեր 1-ին ՅՊԲ. զինք եւրոպայի Պաշտպան Սրբուհի կը հռչակէ
Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհին նաեւ՝ Փիլիսոփայ մըն էր, ան Նացցիներու կողմէ ձերբակալուեցաւ, կրեց երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իր յոյսն ու հաւատքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.