2012-08-08 13:05:24

Վատիկանի Աստղադիտարանը Խնդակցութիւնը ՆԱԶԱյի Մարդամեքենայի Էջքին Մարտ Մոլորակի Վրայ։


Կաթողիկէ եկեղեցին չի վախնար արտերկրային էակներու գոյութենէն։
Վատիկանի աստղադիտարանի տնօրէնը` յիսուսեան հայր ֆիւնէս ողջունած է ՆԱԶԱյի "Curiosity" կոչուած մարդամեքենայի էջքը Մարտ մոլորակի վրայ անցեալ 6 օգոստոսին։
Նախաձեռնութեան նպատակն է հետազոտութիւններ կատարել եթէ կարմիր մոլորակի վրայ կեանքը գոյութիւն ունի։ Յայտնենք որ ամերիկեան "Curiosity" մարդամեքենան 36 շաբաթ ճամբորդութեան աւարտին յաջողութեամբ իր էջքը կատարեց մարտ մոլորակի վրայ, ունենալով որպէս առաքելութիւն սերտել երկու տարիներու ընթացքին եթէ միքրօպային գործունէութիւն մը կարողացած է զարգանալ։ Յիսուսեան վարդապետը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մատնանշած է որ մարդ էակը միշտ հետաքրքիր եղած է ու նորութիւններու ետեւ վազած է։ Երկրախուզութիւնը միշտ օգտակար եղած է մարդկութեան համար։ Եկեղեցին բնաւ վախ չունի գիտութենէն, նորութիւններէն ու ճշմարտութենէն եւ այդ պատճառաւ կաթողիկէ եկեղեցին ունի իր աստղադիտարանը։
Եկեղեցին միշտ բաց է նոր յայտնութիւններու երբ անոնք հաստատուած են գիտական հասարակութենէն - յայտարարած է Հայր ֆիւնէս։








All the contents on this site are copyrighted ©.