2012-08-08 13:06:09

Երջանկայիշատակ Վարդան Եպ. Աշգարեանի Յուղարկաւորութիւնը Եւ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Դամբանականը։


Երկուշաբթի, 6 Օգոստոսի՝ առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պէյրութի Պուրճ Համմուտ թաղամասի՝ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արհի. հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի եւ մասնակցութեամբ արհիապատիւ տիարք՝ Յովհանէս եպս. Թէյրուզեանի, Յովսէփ եպս. Առնաութեանի, Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերյ. Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի, Յովսէփ ծ. Վրդ. Թոփալեանի, թեմին վարդապետներու, քահանաներու, ու սարկաւագներու։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ս Աթոռի ներկայացուցիչ ու նաեւ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, լիբանանեան քաղաքական, հոգեւոր եւ հասարակական ներկայացուցիչներ ու հայ մամուլի ներկայացուցիչներ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր դամբանականը սկսաւ Ս Յովհաննէսի Աւետարանէն Յիսուսի այս խօսքերով. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի ծառայել՝ իմ ետեւէս թող գայ, եւ ուր որ ես եմ՝ իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ» (Յովհ. 12, 26) ապա ըսաւ.
Սգակիր ՀԱՅՈՒ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ, ինչպէս երջանկայիշատակ Գերապայծառ Վարդան Աշգարեան սովոր էր կոչել՝ հայ հաւատացեալ ժողովուրդը՝ Սուրբ Խորանէն, եւ ընդհանրապէս հայ հասարակութիւնը՝ բեմերէն, ուր կը բարձրանար արտասանելու համար իր սրտի խօսքը։ Ան՝ իւրաքանչիւր Հայու մէջ, անկախ անոր քաղաքական ու գաղափարական համոզումներէն եւ դաւանանքային պատկանելիութենէն, այո՛, իւրաքանչիւր Հայու մէջ կը տեսնէր ՀԱՐԱԶԱՏ մը ու անոր մէջ կը գնահատէր ՀԱՅԸ։ Վերջին հրաժեշտի այս յուզումնալի պահուն, կրնանք ըսել որ Երջանկայիշատակ Գերապայծառը ի՛նք եղաւ ամենահարազատ Հայը, ի՛նք մարմնաւորեց Հայու ամէնէն հարազատ կերպարն ու տիպարը։ Անոր 2 հիմնական դիմագիծերը Քրիստոնեայ մարդը եւ զտարիւն հայը։
Զինք մօտէն չճանչցողներն անգամ, կը բաւէ որ ակնարկ մը նետեն անոր կենսագրութեան վրայ համոզուելու համար այս իրականութեան։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հակիրճ ակնարկ մը տալով Աշգարեան գերապայծառին կեանքին ու գործունէութեան մասին վեր առաւ անոր թէ իսկական կրօնաւորի եւ թէ մտաւորական, բանաստեղծ եւ կուռ հրապարակագիր, պերճախօս բեմբասաց
ու քարոզիչ, հատորներու հեղինակի յատկութիւնները։ Մխիթարեան կրօնաւոր թէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի Փոխանորդ, ուսուցիչ թէ համալսարանի դասախօս, դաստիարակ թէ դպրոցի տնօրէն, հայ մամուլի աշխատակից թէ հայ կաթողիկէ մամուլի խմբագիր, Վարդան Զօրենց գրչանունով ծանօթ յօդուածագիր թէ տասը գիրքերու հեղինակ, ան ճանչցուեցաւ բոլորին կողմէ իբրեւ Հայր Վարդան՝ լիբանանահայութեան բոլոր հատուածներուն ու խաւերուն, բայց մանաւանդ՝ հայ մանուկին, որուն կրթադաստիարակութիւնը եղաւ իր կեանքը առաջնորդող գլխաւոր նպատակներէն մէկը։
Այս նպատակով, ըսաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Ողբացեալ գերապայծառը գրասենեակ մը հաստատեց Մեսրոպեան Հայ Կաթողիկէ Բարձրագոյն վարժարան, ուր ամէն առաւօտ կ՝ուղղուէր ինքզինք աւելի մօտ զգալու իր սիրելի հայորդի աշակերտներուն, եւ ուր իր գրասենեակին դուռը միշտ բաց էր ընդունելու համար կարօտեալ պարագաները, կամ հարց ունեցող հայրերն ու մայրերը։ Հայր Վարդան տեսնել ուզողը կամ իրմէ ծառայութիւն ակնկալողը՝ զինք հոն կը գտնէր, առանց կանխայայտ ժամադրութեան։ Ան ալ միշտ տրամադրելի էր եւ ամէն մարդ սիրով կ'ընդունէր։
Գերապայծառ Աշգարեան, ի յիշատակ իր շատ սիրելի հօր եւ մօր անունին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ կանգնել տուաւ հոյակապ արձան մը, հայերէն այբուբենի գիւտաբար եւ նախահայր Մեսրոպ Մաշտոցին, այբուբենի գիւտի 1600 ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, որ կեդրոնը դարձաւ Մեսրոպեան վարժարանին բոլոր ելոյթներուն եւ հանդէսներուն, զարկ տալու համար հայ գիրին ու հայ լեզուին եւ լուսաշող փարոս մը բարձրացնելու Լիբանանի առաջնակարգ հայ գաղութին կեդրոնը՝ Պուրճ Համմուտ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եզրափաեց իր դամբանականը ըսելով. Հանգստեան կոչուած, անցեալ Յունուարին կը մեկնի իր մայրավանքը, Վիեննա, ուր կը շարունակէ իր կրօնաւորի ներանձնական կեանքը աղօթքով եւ խոկումներով։ Հոն, այդ ամփոփ վանական մթնոլորտին մէջ, նման իր նախորդ եղբայրակիցներուն, Հայր Վարդանը կը պատրաստուէր յուսատու նպատակին, իր Արարչին գլխաւոր հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ անակնկալ անհանգստութենէ մը ետք Յուլիս 28-ին, միանալու համար իր ծնողած եւ մեր հայ սուրբերու ու բիւրաւոր նահատակներուն հետ միասին յաւիտենական յարկերուն մէջ, ուր պիտի լսէ Յիսուս Քրիստոսի սա մխիթարական խօսքը. «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մտթ. 25, 21). Ամէն։
Մեծ թիւով հայորդիներ եւ ոչ, իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին, (եւ տակաւին կու գան յայտնելու) Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, անոնց մէջ կան բարձրաստիճան եկեղեցական կամ քաղաքական անձնաւորութիւններ ու պարզ , համեստ անձեր որոնց միշտ մօտիկ եղած է երջանկայիշատակ Վարդան եպ. Աշգարեան կամ՝ Վարդան Զօրենցը... ։








All the contents on this site are copyrighted ©.