2012-08-07 13:03:06

Սուրիական Ընդդիմութիւնը Կը Հալածէ Քրիստոնեաները- Global Research-ի Անդրադարձը։


՜՜Վատիկանէն մինչեւ Սուրիոյ մէջ գործող՝ քահանաները զեկուցած են, որ սուրիական ընդդիմութիւնը կը հալածէ քրիստոնեաները՝՝ նման ահազանգով Global Research-ը կը սկսի իր անդրադարձը` յաջորդիւ գրելով, որ նոյնիսկ New York Times-ը սկսած է ճշմարտութիւնը հաղորդել:

GR-ի գնահատականով` «Սուրիոյ 2,3 միլիոն քրիստոնեաները, որ կը կազմեն երկրի բնակչութեան 10%-ը, ընդհանուր առմամբ աւելի արտօնեալ դիրք ունեցած են Ասատներու օրօք` նոյնիսկ աւելի, քան շիական ալաուիներու համայնքը, որմէ կը սերի նախագահ Պաշշար Ասատ»:

Յօդուածագիրը, վկայակոչելով Սուրիոյ քրիստոնեաներուն, կը գրէ. «Եթէ անոնց յեղափոխութիւնը բոլորին համար է, ապա ինչո՛ւ թիրախ կը դարձնեն քրիստոնեաները»:

GR-ի կարծիքով Մարտին «Սուրիոյ ազատ բանակ»ին պատճառով Հոմս նահանգի Համիտիա եւ Պուսթան Ալ Դիուան շրջաններէն վտարուած 80 000 քրիստոնեաները այլեւս իրենց տուները վերադառնալու հեռանկար չունին:

Յօդուածագիրը կ'ընդգծէ, որ «շատեր, որոնք ժամանակին վարչակարգին կը վերաբերէին իբրեւ աւազակապետութեան, այժմ զայն կը համարեն Սուրիոյ վտանգուած համագոյակցութեան լաւագոյն երաշխաւոր»:

Ահա թէ ինչո՛ւ, շատ քրիստոնեաներ, ալաւիներ ու նաեւ սուննիներ, զէնք կը հաւաքեն` Ասատը պաշտպանելու համար








All the contents on this site are copyrighted ©.