ՆԱՍԱ-ի «Curiosity » «Հետաքրքրութիւն». սարքը երէկ առաւօտ հասած է իր նպատակին` էջք կատարելով
Հրատ մոլորակին վրայ: Յաջող էջքին մասին տեղեկութիւնը տարածուած է ՆԱՍԱ-ի կայքէջին վրայ: Սարքի
հիմնական նպատակը նախապէս գոյութիւն ունեցած կամ ներկայիս գոյութիւն ունեցող կեանքի ապացոյցներու
փնտռտուքն է, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել կարմիր մոլորակին երկրաբանութիւնն ու կլիման: ՆԱՍԱ-ի
գիտնականները վստահ են, որ այս կարեւոր տեղեկութիւնները ստանալու գլխաւոր գրաւականը սարքի
ճշգրիտ վայր եւ ժամանակին կատարուած էջքն է, ինչ որ իրականացած է անդրձայնային անկարգելի
միջոցով: Նախապէս գիտնականներ յայտարարած էին, որ եթէ էջքի ընթացքին որեւէ սխալ բան
պատահի, ապա իրենց բաւական թանկարժէք նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ կը տապալի: