2012-08-07 12:42:34

Հոգեհանգստեան Պատարագ Ի Յիշատակ Հերոշիմայի Միջուկային Առաջին Ռմբակոծումի Զոհերուն,


Գործադրուած ամերիկեան բանակի կողմէ 6 օգոստոս 1945-ին։
Աւելի քան 50 հազար հոգի մասնակցեցան Հերոշիմայի միջուկային առաջին ռմբակոծումի զոհերուն հոգեհանգստեան պատարագին, որ տեղի ունեցաւ 67 տարի առաջ ամերիկեան բանակի կողմէ։ Հոգեհանգստեան պատարագը գլխաւորեց քահանայապետին յատուկ նուիրակը՝ գերապայծառ Բիեռ Լուիճի Չելադա։ Իր արտասանած քարոզին մէջ, քահանայապետական նուիրակը ոգեկոչեց սպաննութիւնը աւելի քան 250 հազար զոհերուն։ Քստմնելի եւ տմարդի ոճիր մը՝ որուն ճաբոնցիները թիրախ գացին եւ միաժամանակ անոնք կարողացան մեծ քաջութեամբ ու հաստատակամօրէն յառաջ երթալ։ Գերապայծառ Չելադան հրաւիրեց ներկաները իրենց վախերը գերազանցելու վախերը նաեւ ուրիշներուն բացուիլ, յիշեցնելով որ ՜՜ամէնքս կը կազմենք մէկ մարդկային ցեղ մը նոյն ճակատագիրով կապուած՝՝։
Հարկաւոր է իրարզիրար ընդունիլ յարգելով կեանքին նուիրականութիւնը, խիղճի ու կրօնի ազատութիւնը, քանի որ, ըսաւ ան, ամէնքս կանչուած ենք կերտելու ընկերութիւն մը աւելի զօրավիգ ու աւելի արդար։








All the contents on this site are copyrighted ©.