2012-08-07 13:02:18

Հայ Սկաուտութեան Հարիւրամեայ Յոբելեանը։


Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում կազմակերպութիւնը (ՀԱՍԿ) 2012-ին կը նշէ Հայկական սկաուտութեան 100-ամեակը: Տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին 3-11 օգոստոսին Բիւրականի մէջ տեղի կ՝ ունենայ միջազգային սկաուտական բանակում, որուն կը մասնակցին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ գործող տարբեր հայկական սկաուտական կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ պատուիրակութիւններ` Համաշխարհային սկաուտական շարժման անդամ պետութիւններու ազգային սկաուտական կազմակերպութիւններէն:
Բանակումի հանդիսաւոր բացման, այլ հիւրերու կողքին, ներկայ էին 32 միլիոն անդամ ունեցող Համաշխարհային սկաուտական շարժման ընդհանուր քարտուղար Լիւք Փանիսոտ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: ՀԱՍԿ-ի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով տեղի կ՝ունենայ այս բանակումը, որուն նիւթապէս աջակցած է նաեւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը: Տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու շարքի բացման հանդիսաւոր երթը տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ.
Քայլերթով Հիւսիսային պողոտային վրայ:
Ապա Բանակումի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ:
Այս առթիւ նաեւ՝ մասնակիցներուն այցելութիւնը դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Եւ ՜՜Բացման արարողութիւն՝՝ ՀԱՍԿ-ի՝ (Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում կազմակերպութեան) գրասենեակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.