2012-08-07 15:24:47

Հալէպի Մէջ Ընթացող Մարտերուն Ընթացքին Երկու Հայ Երիտասարդ Զոհուած է


Այսօր առաւօտեան Հալէպ քաղաքի մէջ ընթացող մարտերու ընթացքին երկու հայ երիտասարդ զոհուած է, եւս մէկը վիրաւորուած:
Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչները Tert.am-ի հետ զրոյցին հաստատեցին համացանցի մէջ տարածուած այս տեղեկութիւնները:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու` զոհերէն մէկը Վիգէն Գալայճեանն է, իսկ միւսը` Ժան Թապաշը:
Վիրաւոր հայ երիտասարդի անունը Մկօ է, սակայն ազգանունը դեռ յայտնի չէ մեզի:
Երիտասարդները զոհուած են քաղաքի հայաբնակ թաղամասերը պաշտպանելու ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.