2012-08-07 13:02:54

Եգիպտոսի Նոր Նախագահը Կը Մերժէ Հանդիպում Ունենալ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատուիրակութեան Հետ։


Եգիպտոսի Նախագահ՝ Մուհամմէտ Մուրսի մերժած է տեսակցիլ ղպտի եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութեան հետ, որ եկած էր անոր պարզելու Տաշուրի քրիստոնեաներու վերջերս կրած հալածանքը, տեղացի մահմետականներու կողմէ, հաղորդած է ֆրանս միջազգային ռատիոն, մատնանշելով որ պատուիրակութիւնը նախագահական պալատին առջեւ ցոյց կատարած է իր ցասումը յայտնելու քրիստոնեայ 120 ընտանիքներու Տաշուրէն տեղահանումին համար, ամբաստանելով նախագահին անտարբերութիւնը ու իսլամ եղբայրներու ցուցաբերած թշնամութիւնը քրիստոնեաներու հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.