2012-08-07 12:58:37

Դամասկոսի ՀԿՄ-ի Ցաւակցագիրը Երջանկայիշատակ Վարդան Եպ. Աշգարեանի Մահուան Առթիւ։


Ի լուր Երջանկայիշատակ Վարդան Եպ. Աշգարեանի Մահուան Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութիւնը 6 օգոստոս թուակիր նամակով Ցաւակցութիւն յայտնեց Ամենապատիւ եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերուն, Մխիթարեան միաբանութեան հոգեւոր հայրերուն եւ Աշգարեան գերդաստանի սգակիրներուն։

Ցաւակցական գիրին մէջ կը կարդանք.
՜՜Այս տխուր պահին երբ կը պատրաստուիք հողին յանձնել Երջանկայիշատակ Հայր Վարդան եպս.Աշգարեանի մարմինը, կը միանանք Ձեզ մեր աղօթքներով, որպէսզի ամենակալ Տէր Աստուած իր ծառային հոգին ընդունի իր սուրբերու կողքին ու յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ երկնային օթեւաններուն մէջ։ Ճանցանք երջանկայիշատակ Հայր Վարդանը որպէս անբասիր հոգեւորական։ Շատ անգամներ վայելեցինք իր ներկայութիւնը Դամասկոս որպէս բանախօս մեր ազգային տօնակատարութիւններուն, ոգեւորուելով իր հայաշունչ խօսքէն ու միտքէն։ Ճանցանք նաեւ Աշգարեան Գերապայծառը որպէս գիրի ու գրականութեան մարդ կարդալով իր կուռ գրութիւնները։ Որպէս երկար տարիներու Պատրիարքական փոխանորդ ու ՀԿ Պատրիարքական թեմի դպրոցներու խորհուրդի նախագահ, հետեւեցանք իր իրագործումներուն ու բծախնդիր աշխատանքին։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի եւ Յիսուս Քրիստոս իր սուրբերու եւ սիրելիներու բարեխօսութեամբ խաղաղութիւն տայ աշխարհին ու մեր նուիրապետութեան հասցնէ նոր կոչումներ ու հոգեւորականներ որոնք հետեւին եջանակայիշատակ Հայր Վարդանի կեանքի եւ գործի օրինակին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.