2012-08-07 13:02:33

Անանի Խորհուրդը. Փութին Ու Օպամա Պէտք Է Համոզեն Ասատը Հեռանալու։


Ռուսիոյ եւ ԱՄՆի նախագահները պէտք է խիզախութիւն ու առաջնորդի բնորոշ յատկանիշներ դրսեւորեն, որպէսզի Սուրիան փրկեն աղէտէ. «Ֆայնենշըլ Թամզ»ի էջերէն նման կոչով մը հանդէս եկած է Սուրիոյ հարցով նախկին յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան: «Սուրիան տակաւին կարելի է փրկել վատթարագոյն աղէտէն: Սակայն անոր համար անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամները, ներառեալ նախագահներ Վ. Փութին եւ Պ. Օպամա, խիզախութիւն ու առաջնորդներու բնորոշ յատկանիշներ դրսեւորեն», գրած է Անան՝ «Սուրիան փրկելու վերաբերեալ իմ եզրափակիչ խորհուրդները» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ:
Անան ակնյայտ կը համարէ այն իրողութիւնը, թէ Սուրիոյ նախագահը պէտք է հեռանայ, սակայն իր կարծիքով՝ ռազմական միջամտութիւնը չի կրնար լուծել այդ ճգնաժամը: Խնդիրին քաղաքական լուծում տալու համար, ըստ Անանի՝ հարկաւոր է, որ հակամարտութեան կողմերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրները համատեղեն իրենց ջանքերը: Անոր խօսքով՝ մասնաւորապէս Ռուսիան, Չինաստանը եւ Իրանը պէտք է համաձայնեցուած ձեւով Սուրիոյ ղեկավարութիւնը համոզեն, որ իրականացնէ քաղաքական անցման ծրագիրը, նաեւ իրենք զիրենք համոզեն, թէ ներկայի ղեկավարութիւնը կորսնցուցած է իր խոհեմութիւնը:









All the contents on this site are copyrighted ©.