Երջանկայիշատակ Վարդան Եպս. Աշգարեանի Յուղարկաւորութիւնը։
Գերապայծառը իր մահկանացուն կնքեց 28 Յուլիս 2012-ին, կաթուածի մը պատճառով։ Այսօր
Երկուշաբթի 6 Օգոստոսին առաւօտեան Պէյրութի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, (Պուրճ Համուտ)
կատարուեցաւ արհի. Հ. Վարդան Եպ. Աշգարեանի «Եկեղեցւոյ կարգ»-ը որմէ ետք մարմինը փոխադրուեցաւ
Այնճարի ընտանեկան դամբարանը: Ժողովրդային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Այնճարի հրապարակին
վրայ։ Յետմիջօրէին՝ (ժամը 2-ին) կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւնը, Այնճարի «Սուրբ
Պօղոսի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, («Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին նորոգութեան
պատճառով): Իսկ յուղարկաւորութեան կարգը՝ ժամը 3-ին , ազգային գերեզմանատան մէջ, (Այնճար):
Մեծ թիւով հայորդիներ եւ ոչ ներկայ եղան արարողութեանց եւ ցաւակցութիւններ յայտնեցին
։ Վարդան Եպ. Աշգարեան, Ծնած էր 26 նոյեմբեր 1937-ին, Անտիոքի Հարպիէի արուարձանին
մէջ` մուսալեռցի ծնողներէ: Նախնական ուսումը Դամասկոսի Մեզզէի Ֆրանսական վարժարանին եւ
Այնճարի հայ քոյրերու դպրոցին մէջ ստանալէ Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանը` կը բոլորէ
իր երկրորդական ուսումը: Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում կը ստանայ
Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանի եւ պետական համալսարանին մէջ, ուր կը հետեւի նաեւ արեւելեան
լեզուներու: 1961-ի 22 Յունուարին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Հապոզեան աբբահօր
ձեռամբ: Գահիրէի Հելիոպոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը` կը վարէ փոխտնօրէնի պաշտօնը մինչեւ
1964: 1964-1987 կը ստանձնէ Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը. (Լիբանան)
միաժամանակ բարձրագոյն դասարաններուն դասաւանդելով գրականութիւն եւ բարոյագիտութիւն:
Նոյն շրջանին` 1965-1975 իբրեւ դասախօս դասաւանդած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի
արեւելեան լեզուներու բաժանմունքին մէջ: Գրեթէ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ծառայած է Պէյրութի
հայ գաղութին մէջ հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մամլոյ եւ հրատարակչական ասպարէզներուն
մէջ: Սակայն ամէնէն շատ իր սրտին հոգեհարազատ էր հայ մանուկին կրթադաստիարակութիւնը:
17 Յունուար 1988-ին կը նշանակուի Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի
ընդհանուր փոխանորդ` գործակցելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս-պատրիարքին
հետ, եւ 1999-2011` կը շարունակէ աջակցիլ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքին: 2000-2011
նախագահած է Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ գլխաւոր պատասխանատուն
է Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցներուն: 2011-ին հանգստեան կոչուելէ ետք, 2012 Յունուարին
կը մեկնի Վիեննա` Մխիթարեան միաբանութեան ուխտին մէջ շարունակելու իր ներանձնական կեանքը:
Աշխատակցած է սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու եւ գրած է տասնեակ գիրքեր, որոնց նիւթերը
կրօնա-բարոյական, գրական եւ բանաստեղծական են: Գրչանունն է Վարդան Զօրենց։ Գիրքերն են`
«Քնար մայրական», «Հայրենաշունչ», «Կեանքը երգ», «Միայն մէկ ժամ», «Հինը որ նոր պիտի
ըլլայ», «Կինը», «Որովհետեւ տեղ չկար», «Բռունցքի նման», «Պահանջելու պէս խնդրանք իբրեւ»:
Ստացած է «Սաաիտ Աքըլ»ի մրցանակը՝ իր գիրքին արաբերէն թարգմանութեան առիթով: