2012-08-06 12:57:00

48 Իրանցի Ուխտաւոր Առեւանգուած՝ Դամասկոսի Մօտ։


Առնուազն 48 իրանցի ուխտաւոր առեւանգուած է Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ` Դամասկոսի միջազգային օդակայանէն դուրս գալէն ետք, կը յայտնէ սուրիական «Ալ Ալամ» հեռուստաալիքը: Ուխտաւորներուն հանրակառքը կանգնեցուցած են Սուրիոյ ազատ բանակի զինեալներու անցակէտին մօտ: Նախնական տուեալներով՝ ուխտաւորներուն մէջ կանայք եւ երեխաներ չկան: Սուրիոյ մէջ շիիթ իրանցիները պիտի այցելէին Դամասկոսի Սէյիտա Զէյնապ սրբատեղին: Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի սկսելէն ի վեր ասիկա իրանցիներու առաջին առեւանգումը չէ: Աւելի առաջ, 2 անգամ զինեալները իրանցի ուխտաւորներու հանրակառքեր գրաւած էին, որմէ ետք Թեհրան ստիպուած եղած էր պաշտօնապէս արգիլել ցամաքով ուխտաւորներու ճամփորդութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.