2012-08-04 10:27:55

Վերանորոգում՝ Նազարէթի Աւետման Մատրան Յարակից Գոնոն Քարայարի Որմնանկարի Մը ։


Գոնոնը` յաճախուած ուխտավայր մըն է քրիստոնէութեան արշալոյսէն սկսեալ։
Նազարէթի պազելիքայի մէջ Գոնոն քարայարի որմնապատերի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առին օգոստոս մէկին իտալացի հնախօս ֆրանչիսքեան հայրերու եւ ֆլորոնս համալսարանի կողմէ։ Այս աշխատանքները կը մտին պահպանել եւ վերարժէքաւորել Նազարէթի Աւետման պազելիքան ու բարւոգել անոր մուտքը այցելու ուխտաւորներիուն։
Գոնոն քարայարի մասնագէտներու համար, այս սրբավայրը կը մնայ խորհրդաւոր քանի որմնանկարը եւ անոր շուրջը գտնւող բազմաթիւ արձանագրութիւնները կը շահաքրքրէ մասնագէտները։ Որմնանկարը ու արձանագրութիւնները կը վերագրուին 4-րդ դարու քրիստոնեայ ուխտաւորներու։ Ասիկա ապացոյց մըն է որ այս վայրը եղած է շատ յաճախուած սրբավայր մը ու դարձած բարեպաշտութեան առարկայ։ Ներկայ աշխատանքները կը մտին Աւետման որմնանկարին սերտումը ու վերանորոգումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.