2012-08-04 10:39:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խաղաղութեան Պատգամը Ճաբոնի Կրօնի Պատասխանատուներուն։


''Կրօնական պատասխանատուներուն յանձնառումը վասն խաղաղութեան յոյժ կարեւոր է''. այսպէս կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ուղղուած Ճաբոնի կրօններու պատասխանատուներուն, Քիոթոյի վեհաժողովի 25-րդ տարեդարձին առթիւ։ Պատգամը կարդաց գերապայծառ Չելադան՝ երբեմնի քարտուղարը միջկրօնական երկխօսութեան։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս կը վերակոչէ անցեալ տարուայ (2011-ի) մարտի՝ ծովային երկրաշարժը, ու անոր պատճառած ողբերգութիւնն ու աւերը։ Այս առթիւ, կը մատնանշէ Սրբազան Քահանայապետը, զանազան կրօններու պատասխանատուները կարողացան միասնաբար գործակցիլ ՜՜համայն մարդկութեան բարիքին համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.