2012-08-04 10:20:37

Գերմանիոյ Պավարիա Մարզի Բնակչութիւնը Տօնախմբեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Տարեդարձը։


Շուրջ հազար պավարիացիներ իրենց ազգային տարազով, քահանայապետական ամարանոցին մէջ, աւանդական երգ ու պարով հանդէս եկան ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Ուրբաթ 3 օգոստոսին, Գասդել Կոնտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ, վերապրեցաւ իր մանկութեան գեղեցիկ տարիները, ընդունելով իր ծննդավայրէն` Պավարիայէն աւելի քան հազար հոգի որոնք իրենց աւանդական տարազներով հանդէս եկան ժողովրդային երգերով ու պարերով ։
Տօնակատարութիւնը կատարուեցաւ ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առթիւ։
Մէկ օգոստոսին աւելի քան հազար գերմանացիներ գնացքով ուխտագնացութիւն կատարեցին Հռոմ, առաջնորդութեամբ Միւնիխ թեմի առաջնորդ՝ կարտինալ Մարքսի։ Տօնախմբութեան մասնակցեցան Պավարիա մարզի իշխանութիւնները։
Տօնախմբութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը յուզուած շեշտով բացագանչեց ''Տէրը ձեզ վարձահատոյց ընէ''։ Շնորհիւ ձեզի կարողացանք ըմբոշխնել Պավարիայի մշակոյթը, որ զուարթ մշակոյթ է։ Լի է ցնծութեամբ ու համերաշխ կ'ընթանայ Արարչագործութեան ու Արարիչին հետ։ Պէտք է Ճանչնանք որ Տէրը մեզի պարգեւեց գեղեցիկ աշխարհ մը՝ լի բարիքներով. եւ ասոր համար հեշտ է մեզի երջանիկ ըլլալ, երախտապարտ ենք Աստուծոյ։ Միաժամանակ, մենք պէտք է ճանչնանք որ մարդիկը կարողացան գեղեցկացնել բնութիւնը շնորհիւ իրենց մշակոյթին, հաւատքին, ցնծութեան, երգին ու երաժշտութեան։
Ապա Սրբազան Հայրը հարցադրեց. ՜՜ մի՞թէ արտօնուած է ուրախ ըլլալ երբ բազմաթիւ մարդիկ կը տառապին ու ապերջանիկ են։
Պատասխանը միայն կրնայ ''Այո'' ըլլալ։ Եթէ ՜՜ոչ՝՝ ըսենք ուրախութեան, ոչ մէկուն օգնած կ'ըլլանք եւ ի վիճակի պիտի չկարենայինք ըլլալ խաղաղութեան պատգամաբերները կոչուելու։ Մենք գիտենք որ աշխարհը գեղեցիկ է եւ Աստուած բարի է եւ Ան մեր սիրոյն համար իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց որպէսզի ամէն մարդ կարողանայ փրկուիլ եւ Աստուծոյ ուրախութեան մէջ ապրիլ։
Ամէնքս կանչուած ենք ըլլալու պատգամաբերները ուրախութեան, խաղաղութեան ու հաշտութեան։
Իմ երախտագիրտութիւնը կը յայտնեմ կարտինալ Մարքսին որ ՜՜Պավարիան Հռոմ փոխադրեց՝՝, ինչպէս նաեւ բոլոր գեղարուեստագէտներուն, որոնք գիտցան իրենց լաւագոյնը տալ։ Խօսքս կը փակեմ իմ առաքելական օրհնութիւնը տալով սակայն նախապէս ձեզի հետ միասին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանենք։
Յայտնենք որ տօնակատարութեան սկիզբը կարտինալ Մարքս իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետին ըսաւ. ՜՜մենք ձեր հետ կը գտնուինք, յայտնելու՝ ձեր ծննդեան 85 ամեակի առթիւ մեր բարեմաղթութիւնները, եւ միաժամանակ ձեզի հետ ապրելու ձեր ծննդավայրի աւանդութիւնները։ Թէեւ՝ Դուք ՜՜ հռոմէացի՝՝ դարձաք եւ ձեր պաշտօնի բերումով ալ ՜՜Տիեզերական մարդ՝՝ դարձաք քանի ձեր սրտին մէջ կը կրէք համայն Եկեղեցին ու աշխարհը, սակայն մեզի համար միշտ կը մնաք ՜՜Պավարիայի հարազատ զաւակը՝՝ եւ ասոր համար խորհեցանք որ լաւագոյն նուէրը որ կարելի է ձեզի ներկայացնել ''պավարական սերենադա'' մըն է` բեկոր մը մեր հայրենիքին, մէկ խօսքով մեր երգերով, պարերով ու երաժշտութեամբ կ'ուզենք ձեզի ներկայացնել մեր հայրենիքին ողջոյնը։
Կարտինալ Մարքս եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. ՜՜Թող Տէրը օրհնէ ձեզի գալիք բոլոր տարիները՝՝։











All the contents on this site are copyrighted ©.