2012-08-03 10:50:45

Սրբազան Քահանայապետի Այցը Լիբանան։ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պէյրութի Թեմի Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Փօլ Մաթարի Ելոյթը։


Լիբանանու ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուի յառաջիկայ սեպտեմբեր 14-16 ընդունելու` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը որ Լիբանան կը ժամանէ միջին արեւելքի եպիսկոպոսներուն յանձնելու առաքելական յորդորագիրը։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած իր ելոյթով Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պէյրութի Թեմի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Փոլ Մաթար հաստատած է որ ամբողջ լիբանանը, քրիստոնեայ թէ մահմետական, մեծ ուրախութեամբ կը պատրաստուի ընդունելու Սրբազան Քահանայապետը։ <<Անոնց մտքին մէջ տակաւին թարմ է ՅՊԲ 1997ին կատարած այցելութիւնը եւ խանդավառութեամբ կը սպասեն Սրբազան Քահանայապետին որպէս յոյսի պատգամաբեր ոչ միայն Լիբանանու այլ համայն միջին արեւելքի համար>> յայտարարած է Գերպայածռ Մաթար աւելցնելով որ մեծ անձկութեամբ կը սպասուի Նորին Սրբութեան պատգամին` ապագայի, իսլամ հասարակութեան հետ բարեկամութեան եւ միջին արեւելքի խաղաղութեան մասին։ Ան ապա հաստատած է որ Լիբանանի ժողովուրդը կը ձգտի համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ ապրելու յոյս յայտնելով որ Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը հաստատէ այս ձգտումի իրագործումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.