2012-08-03 11:13:38

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Քահանան՝ ուսուցիչ Աստուծոյ խօսքին (բ.)
Եկեղեցւոյ պաշտօնեան՝ քահանան կոչուած է հռչակելու, տարածելու, մեկնաբանելու, խօսքի ճամբով հաւատացելոց մատչելի դարձնելու Քրիստոսի վարդապետութեան ճշմարտութիւնները:
Քարոզութիւնը Քրիստոսի առաքելութեան մայր ջիղը կը կազմէր: Իր տնօրինական կեանքի պատկերին՝ Աւետարանի էջերուն մէջ ոսկի թելի պէս առանձնայատուկ դրսեւորումով ի յայտ կու գայ այն գործունէութիւնը, որուն առանցքը ճշմարտութեան փոխանցումն էր մարդոց՝ կենդանի խօսքին, հրապարակային քարոզութեան ընդմէջէն:
Խօսքը երբ վաւերական է, կը փխի աստուածային իմաստութեան խորախորհուրդ եւ անսպառելի ակունքներէն եւ կ՛անցնի խօսողին սրտէն ու մտքէն, ամենէն զօրաւոր ոյժն է մարդոց մտքերուն ու սրտերուն ազդող:
Երբ Քրիստոս կը քարոզէր, շատեր կ՛ապշէին եւ կը գրաւուէին իր խօսքին ներքին, անդիմադրելի զօրութեամբ: Այդ խօսքը իր ներքին բովանդակութեամբ եւ արտայայտչական ինքնաբխութեամբ եւ պարզութեամբ գրաւչութիւն ունէր, այնքա՛ն տարբեր ուրիշներու, նոյնիսկ իշխանութեան տէր, հեղինակաւոր, դիրք, տիտղոս եւ աստիճան ունեցող անձերու խօսքերէն:
Երբ ակնարկ մը նետենք «Բան» բառի գործածութեան վրայ Նոր Կտակարանի էջերուն մէջ, կը տեսնենք թէ ի՛նչ խոր նշանակութիւն ունի խօսքը Քրիստոսի վարդապետութեան մէջ: Նախ Ինք Քրիստոս նկարագրուած է որպէս «Բան Աստուծոյ»: Ինք իր անձով, իր կեանքով եւ քարոզութեամբ Աստուծոյ խօսքն է: Իր վարդապետութիւնը, իր արտասանած խօսքերը ճշմարտութեան ճառագայթումն են:
Յիսուս այնքան վեհիմաստ արժէք ընծայեց խօսքին, իր քարոզած ճշմարտութեան որ պատգամաշեշտ հանդիսաւորութեամբ եւ ջինջ յստակութեամբ յայտարարեց. « երկինքը եւ երկիրը պիտի անցնին, սակայն իմ խօսքերս պիտի չ՛անցնին» (Մտթ. 24, 35)
Եւ արդարեւ այդ խօսքը մնաց, աճեցաւ եւ տարածուեցաւ առաքեալներու եւ անոնց միջոցաւ քրիստոնէութեան կոչուած անձերու, հաւատացեալներու խումբերուն եւ համայնքներու կեանքերուն մէջ:
Առաքեալները որպէս աստուածային պատգամ իրենց երկնաւոր Վարդապետէն ստանալէ ետք քարոզութեան առաքելութիւնը, եւ մանաւանդ մղուած Ս. Հոգւոյն ստացումէն իրենց ներշնչուած անդիմադրելի ոյժով՝ ամենուրեք եւ բարձրաղաղակ տարածեցին Աստուծոյ խօսքը, առանց երկիւղի եւ ընկրկումի, նոյնիսկ զիրենք հալածող եւ իրենց խօսքը հերետիկոսութիւն նկատող քահանայապետներուն, սադուկեցիներուն, դպիրներուն, փարիսեցիներուն եւ տաճարին, պաշտօնական կրօնքին իշխաններուն եւ այլոց:
Անոնց այս տենդալից քարոզութիւններուն շնորհիւ էր որ, բացի իր ներքին ճշմարտութեան արժէքէն ոչ մէկ, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կամ զինական հովանաւորութիւն եւ միջոցներ վայելող քրիստոնէական կրօնը տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն եւ մանաւանդ հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ, հակառակ կայսրութեան եւ հռէական ազգային իշխանութեան ընդդիմութեան եւ ժողովրդական արհամարհանքին ու մերժողական կեցուածքին: Որքան խորիմաստ են գործք առաքելոց հեղինակին այս հակիրճ տողերը. « Եւ Աստուծոյ խօսքը կ՛աճէր եւ կը բազմանար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.